Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ երէկ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց ապահովական իրադարձութիւնները: Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրի, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ յայտնեց, որ ինք դիւանագիտական աղբիւրներէ տեղեկացած է, թէ լիբանանեան սահմանամերձ շրջաններուն դէմ սուրիական ռմբակոծումին մասին լուրերը անճիշդ են:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 700 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 600 լ. ոսկիով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը պահանջեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք մը ներկայացնել` սուրիական վարչակարգին դէմ եւ զայն ամբաստանեց Լիբանանը ռմբակոծելու յանցանքով:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն լսելու ժողովուրդին պահանջները եւ հասնելու անոնց կարիքներուն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին պիտի չկատարուին` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւնները երկու ամիսէն աւելի ուշացնելը դաւադրութիւն է:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Պեքաայի Քասըր շրջանին մէջ ինկած են ռումբեր, որոնք արձակուած են Սուրիոյ Քսէյրի շրջանէն:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հարցով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի միայն կը սպառնան եւ ընտրական ոչ մէկ լուրջ առաջարկ կը ներկայացնեն:
ԿԱՐԳ մը անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Հռոմի մէջ կատարուած քննարկումները կեդրոնացած են խառն ընտրական օրէնքի մը, Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին հիման վրայ Ծերակոյտի մը ստեղծումին, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւններուն վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ չկայ ընտրական օրէնք մը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ ոմանք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր շեշտեց, որ Լոնտոն կը զօրակցի լիբանանեան բանակին ջանքերուն եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ հրաժարելու իր վատ սովորութիւններէն:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ոչ ոք պիտի ամբաստանէ շէյխերուն դէմ գործուած յարձակումին յանցանքով, այլ` պիտի սպասէ դատական իշխանութիւններուն վճիռին:

