«Այսօր Դէպի Նախագահական Պալատ Մարդկային Հոսքը Պիտի Իրականացնէ Նաեւ Սենտիքայական Գարունը» Շեշտեց Հաննա Ղարիպ
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին իր նստացոյցը կատարեց Տըքուանէի մէջ` Ինքնաշարժներու ստուգման կեդրոնին դիմաց:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ հաստատեց, որ այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին դէպի նախագահական պալատ մարդկային հոսք մը պիտի արձանագրուի` աւետելով նաեւ սենտիքայական գարունը:
Հակառակ երէկ ուշ գիշերին շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ Պաապտայի ցոյցը ջնջուած է, Ղարիպ վերահաստատեց, որ նման որոշումներ չկան եւ տարածուած այդ լուրերը ապատեղեկատուութիւն են:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին միանալու այսօուան ցոյցին եւ զայն վերածելու դէպի Պաապտա մարդկային հոսքի:
CATEGORIES Լիբանանեան

