«Մտահոգութիւնս Այն Է, Որ Եթէ Աշխատավարձի Յաւելումներուն Թղթածրարը Կառավարութեան Օրակարգին Առաջին Կէտը Չըլլայ, Ապա Կրնայ Չվաւերացուիլ» Շեշտեց Նախարար Մանճեան
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը անոր յատուկ յանձնախումբին կողմէ արդէն իսկ լաւապէս սերտուած է:
Ան աւելցուց, որ իր կարծիքով, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կ՛ուղղուի դէպի յաւելումներու վաւերացում, «սակայն այդ մասին ոչ մէկ երաշխիք կրնամ տալ», ըսաւ ան:
Նախարար Մանճեան շեշտեց, որ իր մտավախութիւնը այն է, որ եթէ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը կառավարութեան օրակարգին առաջին կէտը չըլլայ, ապա թղթածրարը կրնայ չվաւերացուիլ:
CATEGORIES Լիբանանեան

