Պըրրի. «Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Առաջնահերթութիւն Է Եւ Խուլիկանները Պէտք Չէ Հովանաւորել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին խստիւ դատապարտեց չորս շէյխերուն դէմ գործուած յարձակումը եւ պահանջեց խիստ կերպով պատժել զանոնք:

Պըրրի դրուատեց նաեւ երկրին պատասխանատուներուն, պատկան մարմիններուն, բանակին, ապահովութեան ուժերուն եւ դատական իշխանութիւններուն կեցուածքները, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց բոլորին կողմէ արտայայտուած իմաստուն եւ պատասխանատու կեցուածքները, որոնց շնորհիւ նախապատրաստուած սադրանքներուն առաջքը կարելի եղաւ առնել:

Խորհրդարանի նախագահը վերահաստատեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումը` դիմակայելու համար Լիբանանի շրջանցած ներկայ զգայուն եւ դժուար հանգրուանը` շրջանը հարուածող փոթորիկներուն դէմ:

Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է, եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն զօրակցելու, որպէսզի անոնք կարենան պաշտպանել երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահը ներկայացուց Հռոմի մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին կատարուած քննարկումներն ու անոնց վերաբերող արդիւնքները:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական ընդհանուր իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք Շարպել յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շէյխերուն դէմ գործուած յարձակումները` ընդգծելով, որ դատական իշխանութիւնները կը հետապնդեն այդ թղթածրարը:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ երկրին ապահովական կացութիւնը կայուն պահելու առաջնահերթութիւնը եւ խուլիկանները չհովանաւորելու անհրաժեշտութիւնը:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ Պըրրիի հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES