Նախագահ Սլէյման Վերադարձաւ Լիբանան

Աւարտելէ ետք Սենեկալ, Փղոսկրեայ ափունք, Ղանա եւ Նիկերիա կատարած իր ափրիկեան շրջապտոյտը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ առաւօտեան վերադարձաւ Լիբանան:

Նախագահ Սլէյմանի ափրիկեան շրջապտոյտը ընդգրկեց վերոնշեալ երկիրներուն նախագահներուն հետ հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ արդիւնաւորուեցաւ քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններու եւ փոխադարձ ներդրումներ կատարելու մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ստորագրուեցան 10 համաձայնագիրներ:

Նախագահ Սլէյման հանդիպումներ ունեցաւ այդ երկիրներուն մէջ արաբ դեսպաններուն հետ, որոնց հետ քննարկեց ափրիկեան երկիրներուն մէջ կշիռ ունեցող լիբանանեան ներկայութեան վերաբերող հարցեր:

Հանրապետութեան նախագահը ափրիկեան երկիրներուն մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ ծագումով լիբանանցի գործարարներուն հետ, ինչպէս նաեւ վերաբացումը կատարեց Սենեկալի եւ Փղոսկրեայ ափունքի մէջ լիբանանեան դեսպանատուներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES