Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին Վարչապետ Միքաթի Մանսուրէն Պահանջեց Լիբանանի Դէմ Սուրիոյ Ռմբակոծումներուն Մասին Հետապնդումներ Կատարել
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց ընթացիկ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրէն պահանջեց սուրիական իշխանութիւններուն հետ հետապնդել Լիբանանի դէմ Սուրիոյ ռմբակոծումին վերաբերող հարցը` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը ապահովական բոլոր միջոցառումներուն կը դիմէ` զսպելու համար երկրին սահմանները, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլէ երկրին մէջ ապահովական կայունութիւնը խախտելու բոլոր փորձերը:
Խստիւ դատապարտելէ ետք շէյխերուն դէմ գործուած յարձակումը` վարչապետը շեշտեց, որ անիկա երկրին մէջ սադրանքներ հրահրելու փորձ մըն է: Այս ծիրին մէջ, Միքաթի դրուատեց լիբանանեան բանակի արագ հակազդեցութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղած է կանխարգիլել երկրին կացութիւնը պայթեցնելու ճիգերը:
Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց վերջ տալու համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներու նախապատրաստութեան եւ գրգռութիւններու հրահրումին` կոչ ուղղելով վերադառնալ ազգային երկխօսութեան նիստին:
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք նիստէն ետք յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 59 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նշենք, որ կառավարութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ պատանիներ` նկատի ունենալով, որ երէկ կը զուգադիպէր Մանուկներու միջազգային օրուան:

