ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ ԱՆՏՐԷ ՈՒՈՐՏԷՆ
Երէկ, կռփամարտի «Սուփըր Սիքս»ի մրցաշարքի կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին, Գերմանիան ներկայացնող հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ ճակատեցաւ Ամերիկան ներկայացնող Անտրէ Ուորտի դէմ:
12-րդ ռաունտէն ետք իրաւարարները միաձայնութեամբ յաղթանակը շնորհեցին Ուորտի` 120-108, 118-110 եւ 118-111 արդիւնքով:
Նշենք, որ Աբրահամ իր կատարած վերջին 4 ճակատումներուն 3-րդ անգամ ըլլալով պարտուեցաւ (վերջին երկուքը` Միացեալ Նահանգներու մէջ):
CATEGORIES Մարզական