«Հայաստան Պէտք Է Ղեկավարուի Իր Սեփական Շահերով` Մաքսային Միութեան Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Ընտրութեան Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Անդրադառնալով Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան փոխնախագահ Էլմար Պրոքի յայտարարութեան` ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան երէկ ընդգծեց, որ տուեալ պահուն Հայաստան տակաւին կանգնած չէ Մաքսային միութեան թէ Եւրոպական միութեան հետ ազատ առեւտուրի գօտի ընտրութեան առջեւ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ երկիրը ընտրութեան առջեւ պիտի չկանգնեցնեն, եւ այդ ժամանակ կարեւոր պիտի ըլլայ, թէ Հայաստան ի՛նչ քաղաքականութիւն պիտի դրսեւորէ իր շահերը պաշտպանելու համար:

Ըստ Մինասեանի, երբ ընտրութեան հարցը դրուի, Հայաստան պէտք է ղեկավարուի այն սկզբունքով, թէ ո՛ր ընտրանքը աւելի շահաւէտ է երկրին համար, եւ իր որոշումը պէտք է պայմանաւորուի միայն պետութեան եւ ժողովուրդին շահերով: «Օրինակ, եթէ Եւրասիական երկիրները պատրաստ են ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ, ապա միանշանակ Հայաստանի ճամբան դէպի Եւրասիական միութիւն է: Եթէ Եւրոպական միութեան երկիրները նոյնպիսի երաշխիքներ կու տան, ապա նախապատուութիւնը կը տրուի անոնց: Չմոռնանք նաեւ, որ մենք խոր ձեւով համարկուած ենք Եւրոպական Միութեան մէջ եւ կարելի չէ հրաժարիլ անկէ միայն յանուն այն բանին, որ ատիկա կը պահանջեն Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաները», ըսաւ Ա. Մինասեան:

Միաժամանակ Մինասեան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ շրջանին մէջ ուժերու յարաբերակցութեան եւ այն կէտին, որ Հայաստան պէտք է առաջնորդուի միայն իր շահերով:

Նշենք, որ Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան փոխնախագահ Էլմար Պրոք նշած էր, որ անկարելի է միատեղել Ռուսիոյ նախաձեռնած Մաքսային միութիւնը Եւրոպական Միութեան առաջարկած ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիրին հետ, անոնք կը հակասեն զիրար իրաւաբանօրէն: «Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիր ստորագրել երկրի մը հետ, որ կ՛անդամակցի Ռուսիոյ առաջարկած Մաքսային միութեան: Իրաւաբանօրէն ատիկա կարելի չէ: Անհրաժեշտ է ընտրութիւն կատարել, եւ ատիկա պէտք է կատարէ ոչ միայն Հայաստանը: Այս երկուքին միջեւ ընտրութիւն պէտք է կատարէ ոչ միայն Հայաստանը, այլեւ` Արեւելեան գործընկերութեան անդամ միւս պետութիւնները, որոնք եւս կ՛ուզեն միանալ Եւրոպական Միութեան առաջարկած ազատ առեւտուրի գօտիին», ըսած էր Եւրոպական խորհրդարանի պաշտօնեան:

 

Share this Article
CATEGORIES