Սարգսեանի Երդմնակալութիւնը` Կարէն Դեմիրճեանի Անուան Մարզահամերգային Համալիրին Մէջ
Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան առաջարկով` Ազգային ժողովը երէկ տուաւ որոշում մը, ըստ որուն խորհրդարանի յատուկ նիստը, որուն ընթացքին Սերժ Սարգսեան պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ Հայաստանի նախագահի պաշտօնը, տեղի պիտի ունենայ 9 ապրիլին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատին եւ հոգեւոր առաջնորդ սէյիտ Ալի Խամենէիին` իրանական ամանորի` Նովրուզի առիթով:
Հայաստանի նախագահին պաշտօնական կայքէջը փոխանցեց, որ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը նոր տարուան ընթացքին շարունակէ ծառայել երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեան աւելի խորացման եւ շրջանի կայունութեան ամրապնդման:
CATEGORIES Հայկական

