«Մինսքի Խմբակը Անտարբեր Է, Իսկ Երեւանը` Ոչ Կառուցողական» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Իլհամ Ալիեւ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ «մեր երկրին համար ամէնէն ցաւագին հարցը` հայ-ազրպէյճանական ղարաբաղեան տագնապը, ցաւօք, չի լուծուիր: Ատոր հիմնական պատճառը Հայաստանի ոչ կառուցողական դիրքորոշումն է եւ որոշ առումներով նաեւ միջնորդներու անտարբեր վերաբերմունքը»:

Ան աւելցուցած է, որ հակառակ անոր, որ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն ղեկավարները եւս յայտարարած են (նկատի ունի 2011-ի Տովիլի յայտարարութիւնը), որ սթաթիւս քոն անընդունելի է, բայց եւ այնպէս, իրականութեան մէջ որեւէ քայլ չի ձեռնարկուիր:

«Հայաստանը, ի հարկէ, շահագրգռուած է, որ որքան կարելի է երկար պահպանուի սթաթիւս քոն` իրադրութիւնը, երբ ո՛չ պատերազմ է, ո՛չ ալ խաղաղութիւն, ատիկա սակայն, մեզ չի կրնար գոհացնել: Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ եւ պիտի շարունակէ օգտագործել կարելի բոլոր միջոցները, որպէսզի բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց ու զարգացում արձանագրուի, հարցը մօտիկ ապագային լուծուի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնի», ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ «ի հարկէ, այդ խնդիրին լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող բոլոր քայլերը պէտք է հիմնուած ըլլան միջազգային օրէնքի արժեչափերուն վրայ»:

Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ նշած է, որ ինք վստահ է, որ ղարաբաղեան հարցը պիտի լուծուի յօգուտ իրենց: «Մենք կը ձգտինք եւ պէտք է ձգտինք, որ հարցը մօտիկ ապագային լուծուի: Ես մէկ վայրկեան անգամ չեմ կասկածիր, որ հարցը պիտի լուծուի յօգուտ մեզի: Պարզապէս հարց է` երբ ու ի՛նչ ճամբով: Առայժմ մենք նա՛խապատուութիւն կու տանք խնդիրի դիւանագիտական ճամբով լուծման: Ատոր հետ միատեղ կը շարունակենք հզօրացնել մեր երկիրը, Հայաստանը կը մեկուսացնենք շրջանային բոլոր նախագիծերէն, եւ այդ քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ հետագային», ընդգծած է ան:

Աւելցնենք, որ Ազրպէյճանի նախագահը այս յայտարարութիւնը կատարած է երեքշաբթի օր` Նովրուզի տօնին նուիրուած ձեռնարկի մը ժամանակ:

 

Share this Article
CATEGORIES