Յովհաննէսեան Վիկանտի Հետ Քննարկեց Իրական Ժողովրդավարութեան Կայացման Վերաբերող Խնդիրները
Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան 10-րդ գիշերը անցուց Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ:
Նախանցեալ օր երեկոյեան հացադուլի մէջ գտնուող նախագահի նախկին թեկնածուն հրապարակի յարակից սրճարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Ընկերակցութեան համաձայնագիրի եւրոպական կողմի գլխաւոր բանակցող Կունար Վիկանտի հետ:
Րաֆֆի Յովհաննէսեանի գրասենեակը հաղորդեց, որ քննարկուեցան յետընտրական զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ ոչ թէ երեւութական, այլ իրական ժողովրդավարութեան կայացման առնչուող խնդիրները:
CATEGORIES Հայկական


