Թէյլըր Նկատի Առնուեցաւ Վիրաւոր Քահիլի Փոխարէն

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոյ Հոճսըն երէկ Չելսիի վիրաւոր մարզիկ Կերի Քահիլի փոխարէն իր կազմին միացուց Նիւքասըլի մարզիկներէն Սթիւըն Թէյլըրը:

Նշենք, որ շաբաթասկիզբին Անգլիոյ կազմէն դուրս մնացած էր նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկներէն Ռիօ Ֆերտինանտ: Այլ մարզիկ մը` Մայքըլ Տոսըն, իր կարգին հետեւած էր Ֆերտինանտի օրինակին:

Անգլիոյ կազմը երկու օր ետք պիտի մրցի Սան Մարինոյի դէմ, իսկ յառաջիկայ երեքշաբթի օր` Մոնթենեկրոյի դէմ:

Նշենք, որ Անգլիա մաս կը կազմէ Ը. խմբակին` 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով:

 

Share this Article
CATEGORIES