Յառաջիկայ 2 Մայիսին` Ասիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահի Ընտրութիւններ

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հաֆեզ Մըտլեժ (Սէուտական Արաբիա) կը մտադրէ յետս կոչել իր առաջադրած թեկնածութիւնը` յառաջիկայ 2 մայիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի ընտրութիւններէն:

Շատ հաւանաբար, ան այս քայլին դիմելով իր զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ Եուսեֆ Սերքալի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):

Նախագահի պաշտօնին համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են նաեւ Սալման Պըն Իպրահիմ Խալիֆա (Պահրէյն) եւ Ուորաուի Մաքուտի (Թայլանտ):

Մըտլեժ եւ Սերքալ այս ամսուան սկիզբը Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէկ ժողովին ներկայ գտնուելով իմացան Ալի Պըն Հիւսէյնի (Յորդանան) առաջարկը, որ կ՛ըսէր, թէ 13 անդամ հաշուող երկիրները պէտք է համախոհական մէկ թեկնածուի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:

Պահրէյնցի Խալիֆա, որ ներկայ չէր, շատ հաւանաբար հաստատ մնաց իր տուած որոշումին վրայ եւ յետս չկոչէ իր առաջադրած թեկնածութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES