«Սփորթ Մանիա»-ի Պասքեթպոլի Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ «Սփորթ Մանիա»-ի, կիրակի, 10 մարտին, սկսաւ պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հասը ընկերութիւններ եւ դրամատուներ:

Առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցող այս մրցաշարքը պիտի երկարի 2-3 ամսուան վրայ, սակայն իւրաքանչիւր շաբաթավերջ տեղի պիտի ունենան միայն մէկ հանգրուանի մրցումներ:

Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, որոնք տեղի ունեցան Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ.

Շնայտըր Էլեքթրիք – Շահեր Կրուփ 68-57
Աուն Մարքեթ – Ալֆա 59-43
Միջերկրականեան դրամատուն – Առեւտրական դրամատուն 58-44
Էտտէ Սենծ – Նազիհ Թալեպ Կրուփ 56-49
Մետքօ – Էռնեսթ Էնտ Եանկ 62-44

 

 

Share this Article
CATEGORIES