2014-ի Մոնտիալ. Զաւի Շատ Հաւանաբար Բացակայի Սպանիա – Ֆինլանտա Մրցումէն

Սպանացի փլէյմէյքըր Զաւի, շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չբերէ վաղը Ֆինլանտայի դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:

Պարսելոնայի 33 տարեկան միջնապահը, որ վերջին ամիսներուն քանի մը առիթներով վիրաւոր ըլլալով բացակայեցաւ իր կազմին կատարած մրցումներէն, թէեւ իր փորձերը պիտի կատարէ առանձին, սակայն դժուար թէ կարենայ Խիխոնի մէջ տեղի ունենալիք մրցումին դաշտ ներկայանալ:

Սպանիոյ մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ կը յուսայ, որ ան մինչեւ յառաջիկայ երեքշաբթի օր ապաքինած ըլլալով, Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին դաշտ ներկայանայ Ֆրանսայի դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES