Յառաջիկայ 5-7 Ապրիլին Լիբանան – Սրի Լանքա Թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի Մրցումը
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 5-7 ապրիլին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի դաշտերուն վրայ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ Լիբանան – Սրի Լանքա մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիա – Ովկիանիա թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Երկու խումբերուն ալ յաղթանակը կը նկատուի կարեւոր` նկատի ունենալով, որ պարտուող խումբը պիտի փոխադրուի Գ. դասակարգ:
Պատրաստուելու համար այս մրցումին, յառաջիկայ 28-30 մարտին Լիբանան բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ նոյն վայրին մէջ:
Նշենք, որ 135 երկիրներու դասաւորման մէջ (Ասիա – Ովկիանիա շրջան) Սրի Լանքա կը գրաւէ 63-րդ դիրքը, իսկ Լիբանան` 68-րդ:
Լիբանանի մարզիչն է Հիւսէյն Պատրէտտին, իսկ մարզիկները` Պասսամ Պայտաս, Քերիմ Ղալայինի, Փաթրիք Շուքրի եւ Ժատ Քարաքի:
Նշենք, որ յառաջիկայ հինգշաբթի, 4 ապրիլին, Քասլիքի մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` որուն ընթացքին պիտի կատարուի Լիբանան – Սրի Լանքա մրցումին իրարու դէմ ճակատողներուն վիճակաձգութիւնը:

