Լիբանան Կը Մասնակցի Արաբական Թրիաթլոնի Առաջին Ախոյեանութեան
Երէկ, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Շարմ Շէյխ (Եգիպտոս) մեկնեցաւ Լիբանանի թրիաթլոնի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու 21-24 մարտին տեղի ունենալիք Արաբական թրիաթլոնի առաջին ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ կազմակերպութեամբ արաբական եւ եգիպտական ֆետերասիոններուն:
Լիբանան ախոյեանութեան կը մասնակցի տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերով:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած զօր. Մահմուտ Տիպ, ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Խալիֆէ եւ ազգային խումբերու ընդհանուր պատասխանատու, թեքնիք տնօրէն Պետիկ Լոճիկեան:
Իսկ մարզիկներն են` Քարոլ Ղանեմ, Քարոլ Պոյաճեան, Քաթիա Ռաշետ, Թրէյսի Խայյաթ (աղջիկներ), Գէորգ Ալթունեան, Մոհամետ Ալի, Հիւսէյն Խալիֆէ, Ալի Խազաալ եւ Հաննա Ֆարհաթ (տղաք):
Նախքան մեկնումը, Տիպ ըսաւ, որ կը յուսայ, որ Լիբանանի մարզիկները լաւ արդիւնք արձանագրեն այս ախոյեանութեան, որպէսզի աւելի ինքնավստահ ձեւով մասնակցին յառաջիկայ ապրիլին Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ Եգիպտոսի մէջ այս առիթով տեղի պիտի ունենայ Արաբական թրիաթլոնի ընդհանուր ժողովը:


