«Մեր Ըմբիշները Պատրաստ Են Եւրոպայի Ախոյեանութեան» Ըսաւ Լեւոն Ջուլֆալակեան
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան PanArmenian.Net-ի թղթակիցին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ վերջին հաւաքը` Եւրոպայի ախոյեանութենէն առաջ, շատ լաւ անցաւ:
«Մեր ըմբիշները մարտական տրամադրուած են եւ պատրաստ են Եւրոպայի ախոյեանութեան: Մնացածը մրցասպարէզը ցոյց պիտի տայ», ըսաւ ան:
Եւրոպայի ախոյեանութեան յունահռոմէական ոճի ըմբիշները իրենց մրցումներուն կը սկսին յառաջիկայ 23 մարտին:
Հայաստանի հաւաքականին կազմին մէջ են. Յարութիւն Յովհաննիսեան (55 քկ), Ալեքսան Միքայէլեան (60 քկ), Սասուն Համբարեան (66 քկ), Ռաֆիք Մանուկեան (74 քկ), Արթուր Շահինեան (84 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (96 քկ) եւ Վաչիկ Եղիազարեան (120 քկ):
CATEGORIES Մարզական

