50 Տարի Առաջ (22 Մարտ 1963)
Տոմսեր
Համերաշխութեան Գաղտնիքը
«Գտնուեցաւ»…
«Լայֆ» շաբաթաթերթի վերջին թիւին մէջ հրատարակուած են մանրամասնութիւնները զգայացունց նոր գիւտի մը, որ սերտ կապ ունի մեզմէ ամէն մէկուն… գլխուն հետ. հետեւաբար անտարբեր կարելի չէ մնալ ու անցնիլ վրայէն…
Ուրեմն, գիտնականներ հաստատած են, թէ մեր բնաւորութիւնը կամ նկարագիրը ուղղակի կապ ունի մեր ուղեղին հետ, եւ թէ` մեր թերութիւններուն եւ բոլոր տեսակի «չարեաց» աղբիւրը մեր գանկին մէջ է…
– Ատիկա գիտէի՞նք արդէն` անձնական փորձառութեամբ. նորութիւն չէ՜,- պիտի մտածեն մարդիկ:
Չէ՞ որ «մեր գլխէն կը քաշենք այն, ինչ որ կը քաշենք», կ՛ըսէինք արդէն, հինէն ի վեր…»
Նորութիւնը ա՛յն է սակայն, որ գիտութիւնը կու գայ հաստատել, թէ մեր ուղեղի «չարեաց» աղբիւրները կարելի է վերածել «բարեաց աղբիւրի»` ո՛չ թէ դաստիարակութեան, ճառերու կամ գիրքերու միջոցով, որոնց ապարդիւն ըլլալը կը հաստատեն անցնող դարե՜րը, այլ պարզապէս… ելեկտրականութեամբ:
Գիւտը այնքան լուրջ է, որ Քոնկրեսի մէկ յանձնախումբին առջեւ գիտնական մը յայտարարած է. «Կը վախնամ այս նոր ուժէն, որուն քով հիւլէական ուժը ճղճիմ բանի մը պիտի վերածուի»…
Ինչպէ՜ս չվախնայ, երբ, այս նոր գիւտով, «ռումբը» պիտի պայթի ուղղակի մեր գլխուն… մէ՛ջ, եւ ո՛չ թէ գլխուն… վերեւը` հիւլէականին պէս, բարեփոխելով մարդիկը. կամ, եթէ ուզուի, աւելի՛ եւս չարափոխելով, անշուշտ եթէ կարելի է մարդը չարափոխել աւելի, քան ինչ որ է արդէն…
Նոր գիւտին ազդեցութեամբ, շատակերը կարելի է սակաւապետ դարձնել, փառասէրը` համեստ, ու կռուասէրը` համերաշխասէ՜ր, անկարգապահը` փրուսիացի զինուորին չափ կարգապահ եւ… հլու գառնուկ:
Ի՜նչ հրաշալի դարու մէջ կ՛ապրինք, իսկապէս…
Մօտ է այն օրը, երբ հայ ժողովուրդը «մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի» պիտի դառնայ ելեկտրական ասեղի մը հարուածով միայն:
Ի զո՜ւր պիտի փնտռուին կռուասէր խմբագիրներ: Բոլորն ալ, «հայաստանասէր» ըլլան թէ հայրենասէր, բանաստեղծութիւն պիտի գրեն` իրարու գովք հիւսելով:
Ռուսերն ալ, անշո՜ւշտ, այս գիւտին տեղեակ են: Եւ ինչե՜ր պիտի ուզէին զոհել` ամբողջ մարդկութիւնը իրենց հնազանդ դարձնելու համար` ելեկտրական կոճակի մը վրայ կոխելով:
Գիտնական մը ըսած է. Մօտ է մարդոց ամէնէն դժբախտ օրը. այսինքն` անմահութիւն, երկրի վրայ:
Երեւակայեցէ՛ք, որ Ստալին մը յաւիտենապէս տիրէր երկաթէ վարագոյրէն անդին…
Եւ դեռ ուրիշ բիւրաւո՜ր ստալինիկներ, անազատ եւ ազատ աշխարհներու մէջ, որոնց ձեռքէն մինչեւ այսօր մա՛հն իսկ հազիւ կ՛ազատէր մեզ` իբրեւ բարերար…
ԳԻՍԱՒՈՐ

