Արուեստի Աշխարհէն. Հայ Արուեստագէտի Մը «Առասպելը»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Փինաճեանի տան այժմու սեփականատէրը` Թոմըս Շուլց կարգ մը պաստառներու հետ, զորս կարելի չէ եղած վերանորոգել եւ ցուցադրել:
ԵՐԿՈՒ ՇԱՀԱՐԿՈՂՆԵՐ 2007-ԻՆ ԼՈՆԿ ԱՅԼԸՆՏԻ ՄԷՋ ԿԸ ԳՆԵՆ ՏՆԱԿ ՄԸ, ԿԸ ՄՏԱԾԵՆ ԶԱՅՆ ՆՈՐՈԳԵԼ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ՍՈՒՂ ԳԻՆՈՎ ՎԱՃԱՌԵԼ: ՍԱԿԱՅՆ ՀՈՆ ԿԸ ԳՏՆԵՆ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԳՈՐԾԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ԱՐԹԸՐ ՓԻՆԱՃԵԱՆԻ, ՈՐ ՄԱՀԱՑԱԾ ԷՐ 1999-ԻՆ` 85 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ: ԱՆՈՐ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԵՆ ԱՂԲԱՆՈՑ ԹԱՓԵԼ ԽԱՌՆԱԿՈՅՏԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՇԱՀԱՐԿՈՂՆԵՐԸ 2500 ՏՈԼԱՐ ԱՒԵԼԻ ՎՃԱՐԵԼՈՎ` ԿԸ ԳՆԵՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ, ՈՐ ԱՅԺՄ Կ՛ԱՐԺԵՒՈՐՈՒԻ 30 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ: ԱՅՍՕՐ ՓԻՆԱՃԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐԷՆ ՈՄԱՆՔ ԻՐԵՆՑ ԱՐԺԱՆԻ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ` ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԵԼՈՎ ԵՒ ՎԱՃԱՌՈՒԵԼՈՎ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: ԿԱՍԿԱԾ ՉԿԱՅ, ԹԷ ԱՆՈՆՑ ԳԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԱԳԼՑԻՆ ՍՐԸՆԹԱՑ ԹԱՓՈՎ, ՄԻՆՉ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ՀՌՉԱԿԸ ՊԻՏԻ ՏԱՐԱԾՈՒԻ: ՅԱՅՏՆԱԲԱՐ ՓԻՆԱՃԵԱՆ ԱՅՆ ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԷՆ Է, ՈՐՈՆՔ ԱՊՐԱԾ ԵՆ ԺՈՒԺԿԱԼ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԵՒ ԳԵՂԱՆԿԱՐ ՄԸ ՎԱՃԱՌԱԾ ԵՆ ՄԻԱՅՆ ՆԵՐԿ ԵՒ ՊԱՍՏԱՌ ԳՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԶՐԿՈՒԱԾ` ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔԷՆ ԵՒ` ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԻՐԵՆՑ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ: ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ ԱՅՍ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՐԱԾՈՒԵՑԱՒ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԵՒ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿՆԵՐԸ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱՆ ԳՈՅՆԻ, ՁԵՒԻ ԵՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՀԱՄԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՎ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՂ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ՎՐԱՅ: ՍՏՈՐԵՒ` «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ», «ՍԻ. ՊԻ. ԷՍ.», «ԱՍՈՇԻԷՅԹԸՏ ՓՐԵՍ», «ՏԷՅԼԻ ԹԵԼԵԿՐԱՖ», «ԱՐՄԻՆԸՆ ՈՒԻՔԼԻ», «ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԵՒ «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԹԵՐԹԵՐԷՆ ՀԱՄԱԴՐԱԲԱՐ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋԻՆ ՇԱԲԱԹՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՆԱԳԻՐՆԵՐ ԽԼԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ, ՈՐ ՎԵՐԱՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է ԻԲՐԵՒ «ԻՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՎԵՐԱՑԱՊԱՇՏ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ», ԹԷԵՒ ԱՅՍ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՉԷ ՎԱՅԵԼԱԾ ԻՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ:
Տարիներ շարունակ անոնք մոռացութեան մատնուած են Լոնկ Այլընտի մէկ կառատան մէջ. հին պաստառներ` իրարու վրայ դիզուած: Ապա քիչ կը մնար, որ անոնք թափուէին աղբ հաւաքող բեռնակառքի մը մէջ:
Իսկ անցեալ ամիս անոնք ունեցան բոլորովին տարբեր բնակավայր մը, երբ ցուցադրուեցան Մետիսըն Էվընիուի վրայ գտնուող Անթիքորիում ցուցասրահին սպիտակ պատերուն վրայ` առաստաղէն կախ լուսարձակներու տակ:
Գեղանկարները գործն էին Արթըր Փինաճեանի. մենակեաց արուեստագէտ մը, որուն մասին շատ բան չէր գիտեր արուեստի աշխարհը: Այժմ իր մահէն 14 տարի ետք ան ունի երկրպագուներ, որոնք իր անունը կը նշեն, երբ կը խօսին Կոկենի եւ Սեզանի մասին: Արուեստի պատմաբան Ուիլիըմ Ինըս Հոմըր կը գրէ, թէ` «Փինաճեան օժտուած էր ստեղծագործական այնպիսի հզօր ուժով, որ կարելի չէ հաշուի չառնել»:
Այս նոր հետաքրքրութիւնը իրեն հետ կը բերէ նաեւ այն հաւանականութիւնը, թէ Փինաճեան իր կեանքին ընթացքին երբեք չէ վայելած իր գեղանկարներուն վաճառքով դրամ շահելու հաճոյքը: Ցուցասրահին մէջ կախուած 34 գործերուն շարքին են երկու գեղանկարներ, զորս ան գծած է 1960-ին. թիւ 638 գեղանկարը, որ շուկայի վրայ ծախու դրուած է 87 հազար տոլարի եւ թիւ 3868 գեղանկարը, որ ծախու դրուած է 72 հազար տոլարի:
Ցուցասրահին մէջ Փինաճեանի ամէնէն աժան գործը` թիւ 4013-ը, զոր ան գծած է 1987-ին, իրագործուած է աքրիլիքով եւ ծախու դրուած է 3750 տոլարի (հաւանաբար գեղանկարին չափը իր դերը ունեցած է այս գինին սահմանումին մէջ: Մինչ վերոնշեալ իւղանկարները շուրջ մէկ մեթր բարձրութիւն ունին, անդին` աքրիլիքը ունի միայն 28 սմ բարձրութիւն): «Փինաճեան. մասթըր աֆ ապսթրաքշըն տիսքաւըրտ (Փինաճեան. վերացապաշտութեան վարպետը յայտնաբերուած) վերնագիրով մենագրութեան մը մէջ,Հոմըր 2010-ին գրած է, թէ Փինաճեանի արուեստը զարմանք կը պատճառէ, եւ թէ` երկուութիւն մը գոյութիւն ունի անոր անհատականութեան մէջ»: Ան կը գրէ, թէ Փինաճեան «մէկ կողմէ կը զարգացնէր բնութեան նկատմամբ քնարերգական եւ վիպերգական դիտանկիւն մը, միւս կողմէ` կ՛արտացոլէր իր արական երազներուն մութ պատկերը»:
Այն 34 գեղանկարները, որոնք մարտի սկիզբը ցուցադրուեցան Անթիքորիում ցուցասրահին մէջ, կը պատկանէին արուեստագէտին քնարերգական ստեղծագործութիւններուն: Անոնց մաս չէին կազմեր ցանկայարոյց գեղանկարները: Արուեստի պատմաբան եւ արուեստի գործերու արժէքը ճշդող մասնագէտ Փիթըր Հէյսթինկզ Ֆոք, որ կազմակերպած էր ցուցահանդէսը, կ՛ըսէ, թէ ցուցադրուած գործերը գծուած են Նիւ Եորքի եւ Լոնկ Այլընտի մէջ, ուր Փինաճեան գծած է «ճիշդ այն նպատակայարմար դիտնակիւններէն», զորս օգտագործած է ամերիկացի իրապաշտ գեղանկարիչ Ուիլիըմ Կլաքընզ` Պելփորթ գիւղաւանին մէջ:
«Տաղանդի Կայծեր»
Ցուցահանդէսը ի յայտ կը բերէր ստեղծագործական թաքուն ներաշխարհը գեղանկարիչի մը, որ կը համեմատուի Արշիլ Կորքիի հետ: Անոր գոյներու բանաստեղծական համադրումները կ՛առնչուին Կորքիի գոյներու աշխարհին հետ: Թէեւ Փինաճեանի բոլոր գործերը նոյն որակի չեն, սակայն ան կը նկատուի «կառուցային գոյնի վարպետը»:

Արթըր Փինաճեան ունէր 2.5 մ երկայնքով եւ 2.5 մ լայնքով արուեստանոց մը` տնակի մը մէջ, որ կը պատկանէր իր կեանքին գրեթէ ամբողջ ընթացքին իրեն նեցուկ կանգնած քրոջ:
Լոնկ Այլընտի մէջ Փինաճեան ունէր 2.5 մ երկայնքով եւ 2.5 մ լայնքով արուեստանոց մը, տնակի մը մէջ, որ կը պատկանէր իր կեանքին գրեթէ ամբողջ ընթացքին իրեն նեցուկ կանգնած քրոջ: Փինաճեան միշտ նիւթական նեղ կացութեան մէջ ապրած է եւ ապաւինած է իր քրոջ օգնութեան: Քոյրը քարտուղարուհի էր: Անոնք միասին ապրած են իրենց կեանքին մեծ մասը: Փինաճեաններուն մէկ զարմիկը` Փիթըր Նաճարեան, որ օգնած է տնակին պարպումին, Հոմըրի մենագրութեան մէջ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս չէ հնազանդած գեղանկարիչին մահէն ետք անոր քրոջ հրահանգներուն:
«Օ, այս բոլորը աղբը թափէ,- ըսած էր ան:- Արթըր ի՛նք ըսած էր, պարզապէս բոլորը աղբահաւաքին տուր»:
Նաճարեան ինքզինքին չէր թոյլատրած նման արարք մը, թէեւ ստիպուած էր թափել յայտնաբերուած գործերուն «գրեթէ կէսը», որովհետեւ անոնք այնքա՛ն մգլոտած էին, որ կարելի չէր զանոնք փրկել»: Այսուհանդերձ, հազարաւոր գեղանկարներ կարելի եղած էր հաւաքել:
Հոմըր գեղանկարներու այս գանձին մասին լսած էր Պելփորթի մէջ բնակող իր մէկ հարազատէն, որ բարեկամ էր 2006-ին Փինաճեանի մահէն ետք անոր տնակը գնած շահարկողներուն: «Պէտք է ընդունիմ, թէ շատ չէի տպաւորուած», կը գրէ Հոմըր: Սակայն, երբ ան իր կնոջ հետ սկսած է քննել այն բոլոր գործերը, զորս արուեստագէտը ձգած էր իր ետին, սկսած է «աւելի խանդավառուիլ», ինչպէս կը գրէ ան:
Շուտով Հոմըր հեռաձայնած է Ֆոքի, որ նախապէս արժեւորած է նաեւ ամերիկացի վերացապաշտ գեղանկարիչ Էնտի Ուորհոլի բնակարանէն ի յայտ եկած հաւաքածոն: Ան իր կարգին վերապահութիւն ցուցաբերած է սկիզբը: «Նկատեցի որոշ տաղանդի կայծեր,- կ՛ըսէ ան:- Հարցը այն էր, թէ արդեօք բաւարար կայծեր կայի՞ն արդարացնելու համար այն ժամանակը, որ պիտի տրամադրուէր: Մեր կատարածը նոյնիսկ վերայայտնաբերում չէր: Խնդրոյ առարկայ էր արուեստագէտ մը, որ ժամանակին լաւ ճանչցուած էր, սակայն մոռացութեան մատնուած էր իրերայաջորդ սերունդներու կողմէ: Այժմ մեր դիմաց ունէինք արուեստագէտ մը, որ բոլորովին անծանօթ էր»:
Յայտնաբար Փինաճեան գծանկարային պատմութիւններու գիրքեր պատկերազարդած էր 1930-ական տարիներուն եւ ստեղծած էր «կնոջական հանդերձանքով տղամարդու առաջին հերոսը»` գծանկարային պատմութիւններու շարքի մը մէջ, որ կը կոչուէր «Մատամ Ֆաթալ»: Ան պրոնզէ աստղ մը ստացած էր Բ. Աշխարհամարտին ցուցաբերած իր քաջութեան համար: Ապա մաս կազմելէ ետք պատերազմի վեթերաններու Արուեստի ուսանողներու դաշնակցութեան, սկսած էր գծել Վուտսթոքի մէջ:
Մենակեացը

Արուեստի պատմաբան Փիթըր Հէյսթինկզ Ֆոք կ՛իրականացնէ Արթըր Փինաճեանի արուեստի գործերուն ցուցահանդէսը` Մանհաթընի Անթիքորիում ցուցասրահին մէջ:
Ֆոք, որ նաեւ հեղինակն է «Հու ուազ հու ին ամերիքըն արթ» գիրքին, կ՛ըսէ, թէ Փինաճեան ներկայ էր Վուտսթոքի մէջ, երբ բազմաթիւ արուեստագէտներ կը յուսային, որ 1960-ական տարիներու հակամշակոյթ ուղղութեան ոգին խտացնող Վուտսթոքի երաժշտական մեծ փառատօնին ներգրաւած բազմութիւնները նաեւ այցելէին տեղւոյն պատկերասրահները: «Ան ծրագրած էր ցանկայարոյց արուեստի անակնկալ ցուցահանդէս մը,- կ՛ըսէ Ֆոք,- սակայն ցուցահանդէսը երբեք տեղի չունեցաւ, որովհետեւ փառատօնը տեղի ունեցաւ այլ վայրի մը մէջ»:
Փինաճեան մնաց անծանօթ, սակայն` ոչ բոլորովին: Որոշ ժամանակ մը ան կապ պահեց իր մէկ զարմիկին հետ, որ կը դասաւանդէր Ամերիկացի վերացապաշտ գեղանկարիչներու միութեան հիմնադիր Ճորճ ՄքՆիլի հիմնարկին մէջ: Փինաճեան անոր միջոցով մաս կազմեց իրեն սերնդակից հանրածանօթ արուեստագէտներու շրջանակին` ծանօթանալով Ֆրանց Քլինի, Ֆիլիփ Կասթընի եւ Ճէյքըպ Լորընսի, յաճախեց անոնց նախասիրած գինետուները` Պրուքլինի ՏըՔալպ պողոտային վրայ եւ Կրինիճ Վիլըճի մէջ:
«Ան արուեստագէտ մըն է, որ կը նախընտրէ առիթ տալ իր պատմութեան բնական փոխանցումին,- կ՛ըսէ Ֆոք:- Ամէն ինչ կը հասկնաս գծանկարային պատմութիւններու գիրքերու մասին եւ` Նիւ Եորքի վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ արուեստագէտներուն: Գիտենք, թէ նախքան ճգնաւորի կեանք ապրիլը ան ծանօթ էր այս բոլոր արուեստագէտներուն»:
Արուեստի գործերուն յայտնաբերումէն ետք Փինաճեանի մէկ այլ զարմիկը` Ճոն Արամեան Փինաճեան քոյր-եղբօր մասին ըսած է. «Կը կարծէր, թէ յաջորդ Փիքասոն պիտի դառնար: Կը հաւատային, թէ օր մը հռչակաւոր պիտի դառնար եւ այս բոլորը օր մը շահ պիտի ապահովէին իրենց, բայց այս ակնկալութիւնը չիրականացաւ»:
«Հետեւաբար ան ապրած է անձկալից վիճակ մը, քաշուած է կեանքէն եւ միայն գծած է»:
Հոմըր, որ մահացաւ անցեալ տարի, Փինաճեանը բաղդատած է «առանձին ուսումնասիրողի մը, գիտաշխատանոցի մը մէջ, ուր ան գիտութիւն կը փնտռէ գիտութեան սիրոյն»:
«Ան իր նպատակները հետապնդած է առանձնութեան մէջ, Կոկենի եւ Սեզանի նման մէկ ուղղութեամբ կեդրոնացած ճիգով` մերժելով յաձնուիլ հանրութեան անտարբերութեան», գրած է արուեստի պատմաբանը:
«Ան կրքոտ էր, աներկբայօրէն նուիրուած: Փինաճեանի գործերը ամէն բանէ աւելի կ՛արտացոլեն թերի, բայց փայլուն հանճարի մը հոգին: Երբ ան կը հասնի իր գագաթնակէտին, մանաւանդ` իր վերացապաշտ գործերուն մէջ, կարելի է զայն դասել իր ժամանակաշրջանի լաւագոյն արուեստագէտներուն շարքին»:
Փինաճեանի արուեստը կ՛արտացոլէ զգացական պայքարը` կերպարուեստի եւ վերացապաշտ արուեստի միջեւ: Անոր ներկայացուցչական արուեստի գործերը կ՛ընդգրկեն բնանկարներ եւ մերկուհիներ: Արուեստի քննադատ Ճոն Փերօ կը գրէ, թէ նոթատետրերու եւ թուղթի կտորներու վրայ Փինաճեանի արձանագրած գրութիւններուն ճամբով կը ծանօթանանք լարուածութեամբ եւ բախումներով յատկանշուած անոր ներաշխարհին: «Փինաճեանի համար դիւրին պատասխաններ գոյութիւն չունէին: Իւրաքանչիւր գեղանկար հանելուկ մըն էր, պայքար մը` լոյս արտացոլելու ճիգով»:
«Փինաճեանի պատմութիւնը կրնայ դառնալ նոր առասպելի մը` թաքուն արուեստագէտի առասպելի հիմը,- կը շարունակէ Փերօ: -Թաքուն արուեստագէտը կ՛ապրի մեր մէջ: Ան երեւութապէս սովորական կը թուի եւ ցոյց չի տար ներքին կոչումի որեւէ նշան: Այսուհանդերձ, ան կը տքնի ծածուկ` մտքի յափշտակութեամբ արտադրելով իրերայաջորդ գեղանկարներ: Դիտելով Փինաճեանի կեանքի գործերը` մենք մաս կը կազմենք այդ յափշտակութեան»:
Փրկութիւնը
Պելփորթի բնակիչ Թոմըս Շուլց եւ անոր գրագէտ եւ առեւտրական մէկ բարեկամը` Լերի Ժոզեֆ, յաւելեալ 2500 տոլար վճարած են հաւաքածոյին համար, երբ 300 հազար տոլարի գնած են Փինաճեաններուն խարխլած տնակը` յուսալով, որ կը վերանորոգեն զայն եւ կը վաճառեն 400 հազար տոլարի:
«Ի՞նչ կ՛ընես, երբ դիմացդ ունիս արուեստի 7 հազար գործեր: Գումակային առումով, շատ բարդ է զանոնք մթերելը: Անոնք ծանր կը կշռեն, մեծ ուժ կը պահանջէ զանոնք տեղափոխելը, իսկ անոր հարազատները տրամադիր չէին այս աշխատանքը կատարելու,- կ՛ըսէ Շուլց:- Կալուածին սեփականատէրը մեզի խորհուրդ տուած էր պարզապէս տան պարունակութիւնը թափելու մօտակայ աղբանոցին մէջ»:
Սակայն արագ ակնարկ մը նետելէ ետք Շուլց անդրադարձած էր, թէ իրարու վրայ դիզուած նկարները մէկ արուեստագէտի գործերն էին:
Այնուհետեւ Շուլց եւ Ժոզեֆ ձեռնարկած են գեղանկարները վերանորոգելու աշխատանքին, շրջանակի մէջ առած են զանոնք եւ դիմած են մասնագէտներու` արժեւորելու համար իրենց գնած գործերը:
«Պաստառներուն մեծ մասը կը կրէր Փինաճեանի ստորագրութիւնը,- կ՛ըսէ Շուլց, որ անմիջապէս որոշած է չթափել հաւաքածոն:- Չէի ուզեր դառնալ այն անձը, որ մարդու մը կեանքին արգասիքը աղբանոց թափած էր: Մէկու մը կեանքին գործը աւելիին արժանի էր»:
Փինաճեանի լաւագոյն գեղանկարներէն ընտրուած 50 գործեր այժմ կը ցուցադրուին պատկերասրահի մը մէջ, որ բացած է Շուլց, ինչպէս նաեւ` Մանհաթընի Ֆուլըր Պիլտինկ երկնաքերի ցուցասրահին մէջ: Կարգ մը գործեր արդէն ծախուած են մինչեւ 500 հազար տոլարի:
Շուլց կ՛ըսէ, թէ Փինաճեանի երազն էր իր գործերը տեսնել Ֆուլըր շէնքին մէջ:
«Արուեստագէտը 1950-ական տարիներուն այցելած էր այս շէնքը` տեսնելու համար Ուիլիըմ տը Քունինկի գործերը,- կ՛ըսէ ան:- Հոն խօսած է այն մասին, թէ ինչո՛ւ իր գործերը աւելի լաւ կը նկատէր տը Քունինկի գործերէն»:
Յայտնաբերուած հաւաքածոյին մաս կը կազմեն վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ գեղանկարներ, բնանկարներ, Բ. Աշխարհամարտին մասնակցած զինուորներու ճեպանկարներ, 1930-ական տարիներու գծանկարային պատմութիւններու պատկերազարդումներ եւ 1960-ի Վուտսթաքի փառատօնին մասնակցած արուեստագէտներու հաւաքավայրեր. ընդհանուր հաշուով` աւելի քան 3000 գեղանկարներ, գծանկարներ եւ պատկերազարդումներ:
Յետմահու այս հետաքրքրութիւնը արտասովոր է գեղանկարիչի մը նկատմամբ, «որ չի համապատասխաներ մերօրեայ ընդունուած չափանիշներուն», ինչպէս ըսած է Ֆոք` «Արմինիըն Ուիքլի» թերթին: «Փինաճեան կը գծէր ամէն օր, սակայն ոչ ոք կը տեսնէր անոր գործերը: Ոչ ոք կը գրէր անոնց մասին եւ անոր գեղանկարներէն եւ գծանկարներէն ոչ մէկը ցուցադրուած էր Նիւ Եորքի մէկ պատկերասրահին կամ թանգարանին մէջ»:
Անթիքերիում ցուցասրահին մէջ Փինաճեանի վաճառքի դրուած գործերուն հասոյթին մէկ մասը յատկացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած Ֆանտ ֆոր արմինըն ռիլիֆ (ՖԱՌ) կազմակերպութեան, որ մարդասիրական բազմաթիւ ծրագիրներ իրագործած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Ցուցահանդէսին առիթով լոյս տեսաւ «Փինաճեան. վերացապաշտութեան վարպետը` յայտնաբերուած» վերնագիրով պատկերագիրք մը, զոր խմբագրած է Ֆոք: Պատկերագիրքը կը մէկտեղէ արուեստի անուանի մասնագէտներու արժեւորումներ:
Գծանկարային
Պատմութիւններու Ռահվիրայ ՄըՓինաճեան չէ հետեւած այժմու արուեստագէտներու աշխատելաոճին, այսինքն` չէ դիմած արուեստի գործերու վաճառականներու:
Արթըր Փինաճեան զաւակն է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած վարպետ ասեղնագործ Վարդանուշի եւ շոգիով հագուստ մաքրող Յակոբի: Ան ծնած է 1914-ին` Նիւ Ճըրզիի Եունիըն Սիթի քաղաքին մէջ եւ կոչուած է Աշոտ, սակայն նախընտրած է իր փաղաքշական Արշի անունը: Կանուխ տարիքէն հասունցած պատանի մը` ան գերազանց նիշեր արձանագրած է դպրոցին մէջ եւ ցուցաբերած է միաժամանակ երկու ձեռքով գծելու մարմաջ մը: 1930-ին 16 տարեկանին աւարտելէ ետք երկրորդական վարժարանը, Միացեալ Նահանգներու տնտեսական Մեծ անկումի ժամանակներուն աշխատած է իբրեւ հաշուապահ` գորգի գործարանի մը մէջ` ապրուստ ապահովելու համար իր ընտանիքին, երբ հայրն ու հօրեղբայրը դարձած են գործազուրկ: 1932-ին` մօրը կանխահաս մահէն ետք իր հայրն ու քոյրը փոխադրած է Լոնկ Այլընտի մէջ փոքր բնակարան մը:
Երիտասարդ Փինաճեան շատերուն նման ձգտած է խոյս տալ իր շրջապատի ծանր պայմաններէն եւ յաճախ դիտած է ժապաւէններ: Տեսնելէ ետք Փոլ Մունիի «Սքարֆէյս»-ը, ան սկսած է պատրաստել իր առաջին գծանկարային պատմութիւնը: Մինչ Փինաճեան կը շարունակէր աշխատիլ գորգի գործարանին մէջ, գործի առաջարկ ստացած է «Նիւ Եորք Տէյլի Նիւզ»-ի լրագրող-պատկերազարդող Լիւտ Շապազեանէն: 20 տարեկանին ան արդէն ինքզինք կը ծանուցէր իբրեւ առեւտրական մարզի մէջ նկարազարդող: Հետեւելով Ամերիկայի Արուեստի ուսանողներու դաշնակցութեան դասընթացքներուն, ան յղկած է իր կարողութիւնները` արդի ժամանակներու գծանկարային պատմութիւններու գիրքեր պատրաստելու մէջ: 1930-ական տարիներէն մինչեւ 1950-ական տարիներ, գծանկարային պատմութիւններու գիրքերու ոսկեդարին, ան նկատուած է այս նոր արտայայտչաձեւին ռահվիրաներէն եւ յաջողութիւն արձանագրած է պատմութիւններ գրելով եւ պատկերազարդելով «Քուալիթի»-ի, «Մարվըլ»-ի եւ «Սանթոր»-ի հրատարակութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ իբրեւ պատկերազարդող աշխատած է ծանուցումի ընկերութիւններու մէջ:
Փինաճեան չէ հետեւած այժմու արուեստագէտներու աշխատելաոճին, այսինքն չէ դիմած արուեստի գործերու վաճառականներու, ոչ ալ օգտագործած է առեւտրական կապեր: Բ. Աշխարհամարտին ամերիկեան բանակին մէջ ծառայելէ ետք ան ներգրաւուած է դէպի գեղանկարչութեան հին եւ արդի վարպետներու աշխարհը, տեւաբար թափառած է Մանհաթընի թանգարաններուն եւ արուեստի ցուցասրահներուն մէջ, տարիներ շարունակ ընդօրինակելով հռչակաւոր արուեստագէտներու գործերը` իւրացնելով անոնց կիրարկած արհեստավարժութիւնը:
Փինաճեան իր կեանքին վերջին 26 տարիները ամբողջութեամբ նուիրած է արուեստի, ապրելով փոքր սենեակի մը մէջ: 1999-ին արուեստագէտին մահէն 8 տարի ետք էր, որ անոր արուեստի գործերը լոյս աշխարհ պիտի գային: Ան չէր հետաքրքրուած փառքով, այլ պարզապէս շատ զբաղած էր գծելով:




