Հայրենասիրութիւնը Մանրադիտակի Տակ
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Փոփոխութեան յարմարողները գոյատեւելու կարողութիւն ձեռք կը բերեն, իսկ փոփոխութեան չենթարկուող ցեղերը` դուրս մնալով եղափոխութեան շրջագիծէն, մերթ ընդ մերթ կ՛ոչնչանան ու լաւագոյն պարագային բրածոյ կը դառնան: Այնուամենայնիւ, իրենց բնական միջավայրէն դուրս ապրող զոհի սփիւռքի գոյատեւման մէկ դարեան ջանքերը սակայն հեռու են վերոնշեալ տեսութեան սահմաններէն, քանի որ այս պարագային փոփոխութեան բոլոր ալիքներուն յարմարիլն ու անոնց ենթարկուիլը պիտի մղէր հաւաքական ինքնութեան ոչնչացման, թէկուզ ապահովեր անձնական գոյութիւնը, քանի որ այս պարագային օտար պայմաններու մէջ սփիւռքը միայն իր կորիզին շուրջ հաւաքուելով եւ hայկական արմատներուն ապաւինած մնալով կարողացաւ շարունակել որպէս հայ ապրիլ: Փակագիծ բանալով նշենք, որ այս սահմանումը բոլորովին անձեռնմխելի չէ, որովհետեւ հայկական յետարդիական իրականութեան մէջ կ՛ապրին իսլամ հայեր, թաքուն հայեր, օտարացած, բայց իրենց արմատներուն գիտակից հայեր, մէկ հայ ծնողով հայեր եւ այլն, այս խումբին պատկանողները դուրս պիտի ձգենք այս յօդուածէն, քանի որ անոնք կը կարօտին ծաւալուն յօդուածագրութեան: Մեկնելով այն դիտանկիւնէն, որ դասական հայապահպանումը տեղի ունեցած է կորիզի մը շուրջ համախմբուելով, այս գրութեան մէջ զայն պիտի կոչենք հայրենասիրութիւն:
Հայրենասիրութիւնը հայրենիքին հանդէպ սէրն է, հայրենիքին ծառայելն է, անոր բարգաւաճման համար ներդրում ունենալն է` առանց անպայման ֆիզիքապէս գտնուելու հայրենիքի հողին վրայ կամ մաս կազմելու անոր պետական քաղաքական արեւելումին: Հայրենասիրութիւնը հայ մնալն է ու ատիկա յաջորդող սերունդին փոխանցելն է. հայերէնասիրութիւնը հայկական մշակոյթին եւ հաւաքականութեան աշխատանքներուն մաս կազմնելն է: Այս հայրենասիրութիւնը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի վերջին տասնամեակներուն ընթացքին, յատկապէս երբ իր աւարտին կը հասնի սփիւռքի մասնակցութեամբ կատարուած զինեալ պայքարին ժամանակաշրջանը ու հիւլէական միջուկին շուրջ դարձող մասնիկին բնոյթը կը հեռանայ ատրճանակի ապաւինումէն դէպի քաղաքական ապաւինումի (լոպիինկ): Ասիկա պատճառ կը դառնայ նաեւ, որ հայրենասիրութիւնը առնուի հարցականի տակ եւ այդ կը շեշտուի մանաւանդ երբ բազմաթիւ սուրիահայեր կը գաղթեն դէպի օտարութիւն ու մասամբ մըն ալ Հայաստան:
Այս իմաստով, «Դիմատետր» գործածողներս համացանցին վրայ կը հանդիպինք հայրենասիրութեան «դասընթացքներու» շարքի մը, ուր «մտաւորականութեան» եւ գործիչներու խաւ մը, որ յառաջ քշելով հայրենիքի շահերուն տակ քօղարկուած անձնական շահերը հայրենասիրութեան իրենց տեսութիւնը կը պարտադրեն պատերազմի գօտիէն փախուստ տուած սուրիահայ այն հատուածին, որ անձնական կամ ոչ անձնական համոզումով զօրավիգ կը կանգնի վարչակարգին: Հայրենասիրութեան դաս տուողները այդ կը նկատեն ոչ միայն հայրենասիրութեան պակաս, այլեւ ազգային դաւաճանութիւն: Աւելի՛ն, այս նոյն դաս տուողները պահուըտելով երիտասարդ աշխատող գրիչներու ետին, կը յայտարարեն, որ մէկ դար հայրենասիրութեան կորիզին շուրջ հաւաքուած եւ հայ մնալու համար ջանք չխնայած սուրիահայութիւնը կ՛աշխատի ի շահ օտարացման` չափանիշ առնելով միայն սուրիական հայկական կրթական ծրագիրին հետեւելուն, վարչակարգին զօրակցող ցոյցին մասնակցելու իրականութիւնները: Ի՞նչ կը սպասենք գաղթական զանգուածէն. առանց իսկ հոգեպէս պատրաստուելու եւ ծրագիրի մը շուրջ հաւաքուելու, յաջորդ օրն իսկ ամբողջութեամբ ընտելանա՞յ Հայաստանին եւ անոր կրթական ծրագիրներուն:
Արդէն իսկ տարիէ մը ի վեր սուրիահայութիւնը կը պայքարի թէ՛ իր ֆիզիքական, եւ թէ հաւաքական գոյութեան պահպանման համար, իսկ մեր շինիչ ծրագիրներ մշակելու ու ձեռք երկարելու փոխարէն միայն կարծիքներ պարտադրելն ու առանց հիմքի միտքեր դրսեւորելը թշնամութիւն կը սերմանէ այն հաւաքականութեան մէջ, որ կը շարունակէ իր տեղը գտնել կորիզին շուրջ:
Ոեւէ մէկուն հայրենասիրութիւնը այլոց պայմաններու տակ հասակ նետած հայրենասիրութեան չափանիշներէն կախեալ չէ, իսկ հայկական դիմագիծի պահպանումը չի կրնար հրապարակի վրայ թունաւոր խօսքերով ու սադրանքներով իրականանալ: Օտար պայմաններու տակ գոյատեւած եւ Տարուինեան գիտութեան դէմ պայքարած ժողովուրդ մը շատ աւելի յարգանքի եւ զօրակցութեան կը կարօտի, քան անոնց` մեր ծրագիրներուն չենթարկուելուն քննադատումներ ընելը առանց իսկ աջակցելու անոնց: Եթէ հայ ժողովուրդին գոյատեւման գաղտնիքը կորիզը եղած է, ապա կորիզին հարցուցէ՛ք, թէ ան ինչպէ՞ս գոյատեւած է ու ապա համարձակեցէք ձեր մատները անոնց դէմքին ճօճել:

