Թուրքիոյ Թաքուն Հայերը
Վերջերս Արժանթինի մամուլը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ Անատոլուի (Արեւմտեան Հայաստանի-«Ակունք»-ի խմբ.) «գաղտնի» հայերուն մասին: «The Footprints of Secret Armenians in Turkey» խորագրեալ յօդուածին մէջ, արժանթինահայ լրագրող Աւետիս Հաճեան կը գրէ ծագումով հազարաւոր հայերու մասին, որոնք կը շարունակեն ապրիլ Անատոլուի եւ Պոլսոյ մէջ` ծածկելով իրենց հայկական ինքնութիւնը: Ան իր հաստատումները կը կատարէ հիմնուելով իր կատարած ուսումնասիրութեանց վրայ, որոնք կ՛ընդգրկեն Պոլսոյ Քուրթուլուշ շրջանի, ինչպէս նաեւ Ամասիոյ, Տիգրանակերտի, Տէրսիմի, Մուշի եւ Սասունի շրջաններու բնակչութիւնը:
Թրքական կամ քրտական ինքնութիւնը
Յօդուածին համաձայն, դար մը ամբողջ իրենց ինքնութիւնը թաքուն պահած հայերը կ՛ապրին Թուրքիոյ արեւելեան շրջանին մէջ: Անոնք ընդունելով սիւննի եւ ալեւի դաւանանքները` ստանձնած են թրքական եւ քրտական ինքնութիւններ:
Սակայն Սասնոյ շրջանի գիւղերուն մէջ կայ փոքր համայնք մը, որ տակաւին քրիստոնեայ է: Շեշտելով հանդերձ, թէ ոչ ոք կրնայ ճշգրտօրէն իմանալ «ծածուկ հայեր»-ուն թիւը, Հաճեան կը գրէ, թէ անոնցմէ շատերը կը վախնան բացայայտել իրենց հայկական ինքնութիւնը: «Թուրքիան տակաւին վտանգաւոր բնակավայր մըն է հայերուն համար», կը մէջբերէ Հաճեան անոնցմէ մէկուն հաստատումը:
«Ծածուկ հայեր»-ը, որոնք զգուշօրէն կը պահեն իրենց ինքնութիւնը, չեն յարաբերիր իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտօրէն ստանձնած հայերուն հետ եւ կը խուսափին անծանօթներէ: Հաճեան կ՛ըսէ, թէ անոնցմէ շատերը, որոնք նոյնիսկ կ՛ընդունին իրենց ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն հայկական ծագումը կամ իրենց թուրք եւ քիւրտ դրացիներէն «հայեր» եւ «անհաւատ» կ՛անուանուին, կը մերժեն իրենց հայկական ինքնութիւնը: Ուրիշներ, սակայն, կ՛ընդունին իրենց հայ ըլլալը, սակայն զայն գաղտնի կը պահեն իրենց զաւակներէն:
Ձմեռը` եկեղեցի, ամառը` մզկիթ
Հաճեան կը գրէ, թէ դժուար է յայտնաբերել «ծածուկ հայեր»-ը եւ կու տայ բազմաթիւ օրինակներ: Օրինակ, Ամասիոյ վերջին հայը` Ռաֆել Ալթընճի, մեծցած է որպէս հայ եւ յաճախած է այն դպրոցը, ուր Հրանդ Տինք նաեւ յաճախած է: Հետագային ան ընդունած է իսլամութիւնը, ամուսնացած է թուրք կնոջ մը հետ եւ իր աղջիկը դաստիարակած է որպէս իսլամ: Միայն վերջերս ան ընդունած է իր հայկական ինքնութիւնը: Ճազի Ուզալ, Մուշի շրջանէն գիւղացի մը, ձմրան Պոլիս կեցութեան ընթացքին եկեղեցի կը յաճախէ, իսկ ամրան, երբ գիւղ կը վերադառնայ կ՛ապրի իսլամ կրօնի բոլոր օրէնքներուն համաձայն:
Տիգրանակերտի մէջ փաստաբան Մեհմեթ Արգան կ՛ըսէ, թէ միայն եօթը տարեկանին տեղեկացած է իր ընտանիքին հայկական ծագման մասին: «Մինչեւ տասը տարի առաջ, մենք մեր հայկական ինքնութիւնը կը պահէինք բոլորէն, սակայն ներկայիս Տիգրանակերտի մէջ հայերուն վտանգ չի սպառնար», կ՛ըսէ ան եւ կ՛անդրադառնայ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգման աշխատանքներուն: Ան նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ սիւննի ըլլալով հանդերձ, ինք նուազ հայ չի զգար ինքզինք:
Կարգ մը պարագաներու, ծածուկ հայերը զարմանալիօրէն փոխակերպուած են: Օրինակ, Բալուի շրջանի Օկասեան գերդաստանը վերապրած է 1915-ի Ցեղասպանութենէն, գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած «Ռոտ Այլընտ». Սակայն նախքան անոնց մեկնումը, քրտական ցեղախումբի մը առաջնորդը առեւանգած է ընտանիքին ամենակրտսեր զաւակը` Գրիգորը: Քիւրտ առաջնորդը հետագային ամուսնացուցած է Գրիգորը Զերման անունով որբուհիի մը հետ: Զոյգը բնակութիւն հաստատած է Բալուի գիւղերէն մէկուն մէջ, ընդունած է իսլամութիւնը եւ որդեգրած` թրքական անուններ:
Տարիներ ետք Միացեալ Նահանգների մէջ ապրող անոնց հարազատները կը վերագտնեն Գրիգորն ու Զերմանը: Այսօր զոյգին թոռնիկը իմամ է, մինչ անոնց երկրորդ սերունդի քեռորդին Նոր Եորքի մէջ Կիլիկիոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանն է:
Ռամանի լեռներու փոքր աղջիկը
Հաճեան կ՛արձանագրէ նաեւ «ծածուկ հայեր»-ու գոյութիւնը Տէրսիմի մէջ եւ կը պատմէ Սասնոյ շրջանին մէջ անոնց հետ իր հանդիպումներուն մասին: Լրագրողը կը նկարագրէ վեցէն եօթը տարեկան աղջնակ մը, որ խումբ մը հայ ուխտաւորներու հետ կ՛ուղղուէր Ռաման լեռները: Զօրաւոր քամին պատճառ կը հանդիսանայ, որ աղջկան ճերմակ ուսապարկը շրջի ու կը յայտնաբերէ հայկական խաչը: Հաճեան երբ կը մօտենայ լուսանկարելու համար փոքրիկ աղջիկը, ան անմիջապէս կը պահէ իր դէմքը իր քողին ետին: Երբ կը հարցնեն իրեն, թէ հա՞յ է կամ հայ հարազատներ ունի՞, ան կը պատասխանէ. «Մենք իսլամ ենք»:

