Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Մտային Խանգարումներ` Ընկճուածութիւն Եւ Այլ Հիւանդութիւններ» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` հինգշաբթի, 21 մարտ 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մտային խանգարումներ` ընկճուածութիւն եւ այլ հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հոգեբուժ տոքթ. Ժան Քլոտ Եազպեք:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Բարմաքսզեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ մտային խանգարումը խառնաշփոթ վիճակ մը կը ստեղծէ: Անհատը աստիճանաբար կորսնցնելով ինքնավստահութիւնը եւ ինքնիր անձին վրայ ունեցած համարումը, կ՛ուղղուի դէպի ընկճուածութիւն, յատկանշուած` մելամաղձոտ հոգեվիճակով, դժուարութիւն փոխյարաբերութեան մէջ, վարմունքի մէջ փոփոխութիւն: Այս բոլորը զինք կը մղեն անորոշ վիճակի մը, ուր ենթական կը դժուարանայ ընկերութեան պահանջներուն հետ քայլ պահել:
Տոքթ. Ժան Քլոտ Եազպեք դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ որո՞նք են այն երեք մարզերը, որոնց վրայ կ՛աշխատին մասնագէտները:
ա.- Անհատի վարմունքը
բ.- Մտածումները
գ.- Զգացումները
Ենթակային մօտ այս երեք մարզերուն ներդաշնակ եւ համադրուած աշխատանքը կ՛ապացուցէ առողջ հոգեկան վիճակի մը պատկերը, իսկ այս երեքի որեւէ խանգարում անհատը կ՛առաջնորդէ դէպի հոգեկան տարբեր ապառողջ վիճակներ եւ խանգարումներ:
Դասախօսը բացատրեց տարբերութիւնը հոգեբանին եւ հոգեբուժին, անոնց աշխատելաձեւը եւ իւրայատուկ պայմանները, տարբեր հոգեվիճակներու առընթեր: Ան ճշդեց այն սխալ համոզումը թէ հոգեբուժը դեղերով կը բուժէ, իսկ հոգեբանը` բանաւոր հանդիպումներով, բացատրելով, թէ երկուքին պարագային դեղերու գործածութիւնը առկայ է:
Դասախօսը բացատրեց դեղերուն դերը վերոնշեալ պայմաններուն պարագային: Դեղը պիտի չլուծէ ընկերային տագնապը, որուն պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ հոգեկան վիճակը, այլ պիտի օգնէ հիւանդին շրջանցելու այդ հանգրուանը: Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ կապը հոգեկան ու մարմնաւոր առողջութեան միջեւ եւ թէ ինչպէ՛ս երկուքը կրնան իրարմէ ազդուիլ ու ազդել իրարու վրայ: Տոքթ. Եազպեք շարունակելով բացատրեց նաեւ հոգեկան վիճակի եւ հոգեկան հիւանդութեան տարբերութիւնը:
Տոքթ. Ժան Քլոտ Եազպեք տարբեր օրինակներով փորձեց ներկայացնել այն վիճակը, վարմունքը, զգացումը, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ պայմաններու տակ մարդ անհատը բնական է կամ անբնական, հիւանդագին: Այս բաժինը եզրակացնելով դասախօսը յայտնեց, որ կան երկու ծայրայեղ վիճակներ, եւ անոնց միջինը կը ներկայանայ բնական պիտակի տակ:
Հոգեբուժը շարունակելով թուեց տարբեր հոգեկան հիւանդութիւններ, որոնց արդիւնքները կրնան ըլլալ`
ա.- Տրամադրութեան խանգարումներ
բ.- Վարմունքի տարբեր վիճակներ
գ.- Տարբեր մոլութիւններ
դ.- Անձկութեան կամ անհատականութեան խանգարումներ
Դասախօսը երկրորդ բաժինը յատկացուց ընկճուածութեան:
Ընկճուածութիւնը կը ներկայանայ ընդհանուր տրամադրութեան խանգարումներու պարունակին մէջ: Այս հոգեվիճակը որքան շարունակաբար կ՛ընթանայ, բայց ունի նաեւ իր վերիվայրումները` տարբեր պայմաններու լոյսին տակ:
Որո՞նք են ընկճուածութեան ախտանշանները.
ա.- Ընդհանուր յոգնածութիւն, աշխատանքի եւ շարժումներու չկամութիւն ու թուլութիւն
բ.- Քունի խանգարում, երկար քնանալ կամ քիչ քնանալ
գ.- Ախորժակի խանգարում, ախորժակի անկում եւ շատ քիչ ուտելու կամ աւելի շատ ու յաճախ ուտելու ցանկութիւն
դ.- Կեդրոնացումի խանգարում
ե.- Ընդհանուր ջղային վիճակ, ջղագրգռութիւն
Եւ այլ ախտանշաններ, որոնց շարունակական ընթացքը անհատին մօտ կը ստեղծէ հոգեկան վիճակ մը` ընկճուածութեամբ բնորոշուած:
Ընկճուածութիւնը ունի երկու հիմնական տեսակներ.
1.- Մեծ (աւագ) ընկճուածութիւն
2.- Երկրորդական ընկճուածութիւն
Տարբերութիւնը վերոնշեալ երկու ընկճուածութեան տեսակներուն միջեւ կը կայանայ տարբեր ախտանշաններու քանակական գոյութեան եւ անոնց տարողութեան մէջ:
Նկատի պէտք է ունենալ, որ եթէ ընկճուածութիւնը չբուժուի, տարբեր հոգեկան եւ մարմնաւոր հիւանդութիւններ կրնան զարգանալ, ընկճուածութիւնը կրնայ կրկնուիլ տարիներ ետք, եւ ինչու չէ նաեւ ծանր պայմաններու տակ անհատը առաջնորդել անձնասպանութեան:
Վերջին բաժինով դասախօսը շեշտեց, որ հիւանդանոցային պայմաններու տակ բուժումը կ՛ըլլայ աւելի ամբողջական եւ արագ ըլլալ: Ընկճուածութիւնը կարելի է բուժել երեք ձեւերով.
1.- Հակաընկճուածութեան դեղերով
2.- Հոգեբուժութեամբ
3.- Ելեկտրական բուժումով:
Աւարտին տոքթ. Ժան Քլոտ Եազպեք տարբեր օրինակներով եւ բացատրութիւններով ներկաներուն հարցումներուն պատասխանեց:


