Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ Դասական Եւ Ժողովրդային Երաժշտութեան Ունկնդրութիւն
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` հինգշաբթի, 21 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական եւ ժողովրդային երաժշտութեան ունկնդրութիւն` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բ. Կանաչեան» քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան, որ ներկայացուց երաժշտական ունկնդրութիւններու կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ, որ ուսուցիչ եւ աշակերտ միասնաբար բեմ բարձրանալը ունի իր յատուկ խորհուրդն ու կարեւորութիւնը:
Ապա ելոյթ ունեցան քոլեճէն շարք մը ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, որոնք նուագեցին Պապաճանեանի, Վենիասվսկիի, Պախի, Շուպերթի եւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն: Ելոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռիթա Մուրատեան (դաշնակ), Մարիա Յակոբեան (քանոն), Քրիսթոֆ Աուն (դաշնակ), Դալար Մանճեան (ջութակ), Հենրի Իշխանեան (դաշնակ), Նարէ Աղասարգիսեան (դաշնակ), Հրակ Տեմիրճեան (ջութակ), Արմէն Ճենտերեճեան (ջութակ), Լիւսի Չամսարեան (ջութակ), Աշոտ Ճենտերեճեան (ջութակ), Սեպուհ Այնթապլեան (ձեռնադաշնակ), Միքայէլ Աշճեան (դաշնակ) եւ Շուշան Արթինեան (թաւջութակ):
«Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին ուսուցիչներն ու աշակերտները իրենց կատարումներով արժանացան ներկաներու գնահատանքին եւ ստեղծեցին երաժշտական մթնոլորտ:


