Գարնան Եւ Մանուկներու Տօնը` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ
Գարնան առաջին օրուան եւ Մանուկներու իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով «Վանայ ձայն»-ի «Համարձակ եղի՛ր եւ խօսէ՛» յայտագիրը երէկ` 21 մարտին սփռուեցաւ Պուրճ Համուտի հրապարակէն:
Այս առիթով հրապարակին վրայ անցորդ մայրերուն բաժնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկներու եւ բոյսերու 500 թաղարներ:
Յայտագիրը վարող Մարալ Հարպոյեան ըսաւ, որ բազմազան ու բազմաթիւ չարիքներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է սերունդները դաստիարակել այնպիսի ձեւով, որ անոնք հեռու մնան վնասակար միջավայրէ, շռայլ կենցաղէ: Գարնան առաջին օրուան առիթով ան մաղթեց անսահման գեղեցկութիւն եւ պայծառութիւն` միտքերու, գաղափարներու եւ ընդհանրապէս կեանքի տարբեր երեւոյթներու:
Յայտագիրին ընթացքին կարճ հարցազրոյցներ կատարուեցան քանի մը հիւրերու հետ: Թորոսեան վարժարանի ուսուցիչ Մանուկ Իպիտեան անդրադարձաւ համակարգիչին եւ մանուկին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապին` ծնողներուն թելադրելով զգուշ ըլլալ, մնայուն կերպով հետաքրքրուիլ իրենց զաւակներուն առօրեայով եւ ուշադիր ըլլալ համակարգիչի միջոցով հաստատուած կապերուն:
Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն խումբ մը աշակերտներ` Սիլվա Քիւրքճեանի գլխաւորութեամբ, խօսեցան Լիբանանի մանուկներու քաղցկեղի կեդրոնին դրամարշաւին մասին` լուսարձակի տակ առնելով Ը. եւ Թ. դասարաններուն կողմէ ներկայացուելիք ծրագիրը` այս նպատակին օժանդակելու առնչութեամբ:
Ապա արաբերէնով աշակերտները ներկայացուցին մանուկներու իրաւունքներուն կարեւորութիւնը:
«Հիմայա» մանուկներուն իրաւունքներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Մարիա Պրունեան խօսեցաւ կազմակերպութեան կարեւորութեան, նպատակին, ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին` յայտնելով, որ կազմակերպութեան համար ամէն օր մանուկներու իրաւունքներու օր է: Ան նշեց, որ իրենց նպատակն է դաստիարակել հանրութիւնը, անոր բացատրել, որ մանուկները անմեղ էակներ են, որոնք մեր պաշտպանութեան կարիքը ունին, պէտք չէ օգտագործուին, անոնց մանկութիւնը պէտք չէ պղծուի:
Մարալ Հարպոյեան զրուցեց նաեւ մանկավարժ Սալբի Մուղալեանի հետ, որ անդրադարձաւ ծնողք¬զաւակ յարաբերութեան, ուսուցիչ¬աշակերտ կապի կարեւորութեան, անոնց ընդմէջէն փոխանցուող դաստիարակութեան: Ան աւելցուց, որ պէտք է զաւակներուն առիթ տալ խօսելու, իրենց մտահոգութիւնները արտայայտելու, որպէսզի կարելի ըլլայ օգնել անոնց եւ խորհուրդ տալ:
Գարակէօզեան հաստատութենէն Ժանին Դանիէլեան խօսեցաւ հաստատութեան այն ծրագիրին մասին, որ օգտակար կը դառնայ այն պատանիներուն, որոնք տարբեր պատճառներով զրկուած են ուսումէ:
Ապա դպրոց երթալէ զրկուած երկու աշակերտներ խօսեցան իրենց առօրեային մասին` նշելով, որ իրենք ստիպուած են աշխատելու եւ օգտակար դառնալու իրենց ծնողներուն: Անոնք հաստատեցին, որ իրենք կը փափաքին դպրոց վերադառնալ, որովհետեւ աշխատանքը նեղացուցիչ է իրենց համար:
Աւելի ուշ հոգեբան Անժելա Սանճեան-Օհանեան խօսեցաւ մանուկներու հոգատարութեան կարեւոր կէտերուն մասին, որոնց գլխաւորը անոնց ժամանակ ու ուշադրութիւն տրամադրելն է: Ան շեշտեց, որ նոր սերունդին համար տարուած որեւէ աշխատանք երաշխիք է ապագայի, որովհետեւ անոնք են ապագան: Անոր համաձայն, ընտանիքը մեծ կարեւորութիւն ունի մանուկին հոգատարութեան, կազմաւորման եւ ապագային վրայ ազդելու իմաստով:
Յայտագիրին սկիզբը Մարլեն Տանակէօզեան խօսեցաւ գարնան ծաղիկներու հոգատարութեան եւ խնամքին մասին:
Այս յատկանշական յայտագիրին աւարտին Մարալ Հարպոյեան կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու մանուկին, հեռու պահելու զայն վնասակար միջավայրերէ, անոր շուրջ ստեղծելու սիրոյ եւ յարգանքի մթնոլորտ, անոր ուսուցանելու այնպէս, որ դառնայ գիտակից մարդ, ճշմարիտ քրիստոնեայ եւ յանձնառու հայ:
Յայտագիրին ընթացքին «Հիմայա» կազմակերպութիւնը տոպրակով շաքարեղէն բաժնեց անցորդ մանուկներուն:
Նշենք, որ այս առիթով տարբեր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, որոնք մայրերու օրը կը նշէին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը տրամադրած է ընդհանուր 5 հազար ծաղիկի թաղար:

