Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պատուիրակութիւնը Կը Շնորհաւորէ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը
Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունով Վատիկան ժամանած պատուիրակութիւնը` յանձինս Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի եւ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիկեանի, երեքշաբթի, 19 մարտ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին դիմաց, ներկայ գտնուեցաւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետի գահակալութեան արարողութեան եւ մատուցած սուրբ պատարագին:
Նոյն օրը, կէսօրուան ճաշին, այլ եկեղեցիներու պատուիրակութիւններուն հետ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները սեղանակից դարձան Ֆրանչիսկոս պապին:
Չորեքշաբթի, 20 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ֆրանչիսկոս պապ ընդունեց զանազան եկեղեցիներէ ժամանած հիւրերը: Յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կաթողիկոսութեան պատուիրակները պաշտօնապէս շնորհաւորեցին սրբազան քահանայապետը եւ պտղալից գահակալութեան բարեմաղթութիւններ կատարեցին: Իր հերթին, պապը իր եղբայրական ողջոյնները յղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

