Զինուորական Իրավիճակը` Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ անցնող օրերուն անվտանգութեան վերաբերող զարգացումները յատկանշուած էին Ժոպար եւ Քապուն շրջաններուն մէջ շարունակուող մարտերով, որոնց պատճառով յաճախակիօրէն կը լսուէին թնդանօթներու հարուածներու ձայները:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը նշեց, որ կիրակի օր, աշխատանքի բերումով Քապունի մէջ գտնուող 40-ամեայ հայ երիտասարդ մը ծանր վիրաւորուած է բախումներու պատճառով եւ հիւանդանոց տեղափոխուած է` բուժում ստանալու համար:

Անցնող օրերուն մայրաքաղաքի տարբեր խաղաղ թաղամասերուն մէջ արձանագրուեցան նաեւ քանի մը հրասանդի հրթիռներու հարուածներ: Ապու Ռումմանէ թաղամասին հանրային պարտէզին մէջ, Ապպասիին հրապարակին վրայ, նաեւ նոյն շրջակայ թաղամասերուն վրայ ինկած են քանի մը հրթիռներ` պատճառելով զոհեր եւ նիւթական վնասներ:

Իսկ երէկ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Մազրաա շրջանին մէջ գտնուող Իման մզկիթին մէջ ահաբեկչական պայթումի մը պատճառով զոհուած են յայտնի Շէյխ Մոհամետ Սէյիտ Ռամատան Պութին եւ 14 հաւատացեալներ, արձանագրուած են նաեւ աւելի քան քառասուն վիրաւորներ:

Share this Article
CATEGORIES