Շարունակելով Միջինարեւելեան Իր Շրջապտոյտը. Օպամա Ընդգծեց Պաղեստինեան Եւ Հրէական Պետութեանց Գոյութեան Անհրաժեշտութիւնը

Շարունակելով իր շրջապտոյտը Միջին Արեւելքի մէջ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ հասաւ Ռամալլա, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Օպամա ընդգծեց պաղեստինեան եւ հրէական պետութիւններու գոյատեւման անհրաժեշտութիւնը շրջանին մէջ` առանց մանրամասնելու պաղեստինեան պետութեան գծով իր պատկերացումը:

Յայտնենք, որ Կազայի մէջ պաղեստինցի ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Օպամայի այցելութեան դէմ, իսկ իսրայէլեան բանտերուն մէջ արգելափակուած պաղեստինցի բանտարկեալներու ծնողներ նոյնպէս բողոքեցին` հրկիզելով Օպամայի նկարը:

Share this Article
CATEGORIES