Հալէպի Մէջ Քիմիական Զէնքերու Գործածութեան Գծով Հետաքննութեան Պահանջը Կը Շեշտուի

Վերջին օրերուն, սուրիական ճակատի վրայ տեղի ունեցած ապահովական զարգացումներուն զուգահեռ, Հալէպի մէջ քիմիական զէնքերու գործածութեան «հաւանականութիւն»-ը առանցքը կազմեց քննարկումներուն տեղական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Արդարեւ, այն միջոցին, երբ զօրաւոր պայթում մը երեկոյեան ցնցեց Դամասկոսի կեդրոնը եւ հրթիռներ հարուածեցին Դամասկոսի օդակայանի հիւրասրահը, քաղաքական կոչերու եւ կեցուածքներու առանցքը կազմեց վերջերս Հալէպի մէջ քիմիական զէնքերու գործածութեան գծով հետաքննութեան պահանջը:

Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա զօրակցեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի որոշումին` քննութիւն բանալու այս գծով: ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին իր կարգին ողջունեց ՄԱԿ-ի այս որոշումը` զայն «լաւ որոշում» որակելով` աւելցնելով, որ Մոսկուա առաջարկած էր ռուս փորձագէտ մըն ալ ներառել կազմուելիք քննիչ յանձնախումբին մէջ:

Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կինատի Քազիրով յայտնեց, որ «շօշափելի փաստեր չկան քիմիական զէնքերու գործածութեան գծով»:

Իսկ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ՄԱԿ-էն պահանջած է կազմել «անկախ, մասնագէտ, չէզոք, անկողմնակալ» յանձնախումբ մը` քննելու համար քիմիական զէնքերու գործածութեան հաւանականութիւնը: Նոյն աղբիւրը յայտնեց, որ նախարարութիւնը անցնող 8 դեկտեմբերին զգուշացուցած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը` ընդդիմադիր կողմերու քիմիական զէնք գործածելու հաւանականութեան մտավախութեամբ:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչը «ռազմագիտական մեծ սխալ» նկատեց լիպիական բեմագրութիւնը Սուրիոյ մէջ կրկնելու փորձը: «Եթէ ասիկա քաղաքական ճնշումի ձեւ մըն է, ապա անիկա օգտակար չէ», ընդգծեց ռուս դիւանագէտը` նմանապէս քննադատելով Սուրիոյ ընդդիմադիրները զինելու միտող Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ փորձերը:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր անպաշտօն հանդիպում մը պիտի ունենան Տապլինի մէջ, ուր խորհրդակցութեանց առանցքը պիտի կազմէ Սուրիոյ տագնապը:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախկին փոխնախագահ Ապտել Հալիմ Խատտամ երէկ քննադատեց նախագահ Պաշշար Ասատը` նշելով, որ ան ոչ մէկ պատկանելիութեան զգացում ունի իր ժողովուրդին նկատմամբ: Խատտամ ընդգծեց, որ Սուրիա ունի մեծ քանակութեամբ քիմիական զէնքեր, որոնք «շատ հաւանաբար ամբարուած են լեռնային շրջաններու պահեստներու մէջ»: Խատտամ յայտնեց, որ Ասատ քիմիական զէնքերը իր վերջին «զէնքերը» կը նկատէ` 1970-ական թուականներուն հիւլէական կայան մը հիմնելու փորձերու ձախողութենէն ետք:

ԸՍՏ ապահովական աղբիւրներու, երէկ երեկոյեան պայթումին պատճառով Դամասկոսի Մազրաա շրջանին մէջ սպաննուած են Իման մզկիթի շէյխը` Մոհամետ Սէյիտ Ռամատան Պութի եւ 20 ուրիշներ:

Share this Article
CATEGORIES