Լիբանանի Ընդհանուր Ապահովութիւնը Սուրիական Ուժերէն Ստանձնեց Հասսան Սրուրը

Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ սուրիական ապահովութեան ուժերէն ստանձնեց լիբանանցի քաղաքացի Հասսան Սրուրը, որ սուրիական ուժերուն կողմէ Թալքալախի մէջ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգում կատարող եւ Սուրիոյ բախումներուն մաս կազմող խմբակին դէմ դաւադրութենէն միակ փրկուող անհատն էր:

Սուրիական պատկերասփիւռի կայանին կատարած իր վկայութիւններուն մէջ, Սրուր Լիբանանի մէջ սալաֆական շարժումի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ շէյխ Շահհալը պատասխանատու նկատեց լիբանանցի զինեալները Սուրիա գործուղելու որոշումին:

Ան ըսաւ, որ Շահհալ ֆինանսաւորած է անոնց աշխատանքը եւ անոնց մարզումը ապահոված Մանքուպինի մէջ:

Լիբանան վերադարձէն ետք Հասսան Սրուր հերքեց սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանէն կատարած իր յայտարարութիւնները:

Իր կարգին, շէյխ Շահհալ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը իր վերջին պահերը կ՛ապրի եւ այդ իրավիճակին իբրեւ հետեւանք կը փորձէ իր ձախողութիւնը վերագրել նաեւ այլոց:

Շէյխ Շահհալ նշեց, որ սուրիական վարչակարգը ստիպած է Սրուրը` այդ յայտարարութիւնները կատարելու:

 

Share this Article
CATEGORIES