«Մարդկային Հոսք` Դէպի Նախագահական Պալատ Եւ Սենտիքայական Գարուն» Շեշտեց Հաննա Ղարիպ

Երէկուան ցոյցէն պահ մը

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ նախագահական պալատ տանող ճամբուն վրայ կէսօրէ առաջ գործադրեց իր հսկայ ցոյցը, որուն մասնակցեցան ուսուցիչներ, աշակերտներ, ծնողներ եւ պետական պաշտօնեաներու հոծ բազմութիւն մը` «Մարդկային հոսք` դէպի նախագահական պալատ» կարգախօսին ներքեւ:

Ցոյցին ընթացքին Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ եթէ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները պիտի կատարուին տուրքեր աւելցնելով քաղաքացիներուն հաշուոյն, ապա մենք կը մերժենք համեստ դասակարգին եւ սահմանափակ եկամուտով քաղաքացիներուն բեռի յաւելումը:

Մահֆուտ յայտնեց, որ կառավարութիւնը այսօր իսկ պէտք է վաւերացնէ իրենց իրաւունքները եւ զանոնք փոխանցէ խորհրդարան:

Իր կարգին, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ իր խօսքը ուղղելով իշխանութեան երեք պետերուն յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին խաղողը ուտել եւ ոչ թէ այգեպանը սպաննել, «հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք ձեզի ընդառաջելու մեր պահանջներուն», ըսաւ ան:

Ան կառավարութիւնը ամբաստանեց իր խոստումը դրժելու յանցանքով եւ շեշտեց, որ իրենք դրամի հրէշներուն դիմաց ծնկաչոք պիտի չըլլան:

Պաապտայի մէջ կատարուած ցոյցին ընթացքին բանակն ու ապահովութեան ուժերը ապահովական արտակարգ միջոցառումներու դիմեցին:

Միւս կողմէ, Պէյրութի միջազգային օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան բաժանմունքի պաշտօնէութիւնը չորս ժամուան համար կասեցուց իր աշխատանքը` առ ի զօրակցութիւն Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին յայտարարած գործադուլին ու ցոյցերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES