Թրիփոլիի Մէջ Դարձեալ Ապահովական Խախտումներ Կ՛արձանագրուին

Թրիփոլիի մէջ նախանցեալ երեկոյեան սկսած ապահովական միջադէպերն ու արձանագրուած խախտումները սաստկացան երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն: Աւելի ուշ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ կրակոցները շարունակուեցան եւ վերածուեցան փոխադարձ հրթիռարձակումի եւ արձակազինութեան:

Արձակազէններու փամփուշտներուն պատճառով սպաննուեցան երկու քաղաքացիներ:

Այդ կացութեան պատճառով լիբանանեան բանակը իր ներկայութիւնը խստացուց Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ, ինչպէս նաեւ զանոնք բաժնող Մալլուլէի հրապարակին վրայ:

Բանակը խիստ միջոցառումներ որդեգրեց նաեւ ամբողջ Թրիփոլիի մէջ, ուր կատարեց նաեւ շարք մը ձերբակալութիւններ:

Սակայն հակառակ բանակին ներկայութեան, Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ երէկ գիշեր զինեալ բախումները շարունակուեցան եւ Սուրիա փողոցին մէջ պատճառեցին վիրաւորներ:

Ալեւիական իսլամական խորհուրդի նախագահ շէյխ Ասատ Ասի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունին` ընդգծելով, որ սադրանքները արթնցած են եւ իրենք կը վստահին բանակին, պետութեան եւ բոլոր պատասխանատուներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES