Կառավարութիւնը Պետական Պաշտօնեաներուն Եւ Ուսուցիչներուն Աշխատավարձի Յաւելումները Փոխանցեց Խորհրդարան
Ութ ժամուան նիստէն ետք կառավարութիւնը երէկ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը փոխանցեց խորհրդարան:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար, նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները խորհրդարան փոխանցելու կողքին, կառավարութիւնը որոշած է նաեւ բարեկարգումներու շարք մը, որոնց համաձայն, շաբաթական դրութեամբ աշխատանքի ժամերը պիտի վերածուին 35 ժամի, դատական իշխանութիւններուն տարեկան արձակուրդը պիտի ըլլայ միայն մէկ ամսուան համար` 1-31 օգոստոս, Յաւելուած արժէքի տուրքը պիտի բարձրանայ 15 առ հարիւրի` բջիջային հեռաձայնի, խաւիարի եւ ինքնաշարժի կտորներու պարագային, տուրքերու բարձրացում պիտի արձանագրուի ներածուած ոգելից ըմպելիներու պարագային, դրոշմաթուղթերու արժէքի բարձրացում եւ ծովային կալուածներու աշխատանքներուն վրայ տուրքերու պարտադրում եւ այդ կալուածներուն վրայ անօրինական աշխատանքի պարագային կրկնապատկուած տուրքերու պարտադրում:
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:
Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման դրուատեց լիբանանցի բոլոր պատասխանատուներուն կեցուածքները` տարբեր շրջաններու մէջ շէյխերու խոշտանգումի միջադէպերուն ընթացքին:
Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց նաեւ ապահովական կառոյցներուն որդեգրած ապահովական միջոցառումները` ընդգծելով, որ երկրին դատական իշխանութիւնները պէտք է հետեւողական կերպով հետապնդեն այդ թղթածրարը:
Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց լիբանանցի մայրերը եւ յայտնեց, որ անոնց լաւագոյն նուէրը պիտի ըլլայ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին վաւերացումը, պետական նշանակումներու ամբողջացումը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը: Ան կոչ ուղղեց վերադառնալու լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստերուն` շեշտելով, որ 2013-ի պետական պիւտճէն սկզբունքով պատրաստ է, եւ յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ քննարկել այդ ծրագիրը եւ զայն փոխանցել խորհրդարան:
Նախագահ Սլէյման կառավարութեան ներկայացուց նաեւ իր կատարած ափրիկեան շրջապտոյտին արդիւնքները:
Նշենք, որ կառավարութիւնը երէկ քննարկեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող թղթածրարը ֆինանսաւորելու առումով պատրաստուած 19 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթը:
Յայտնենք, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաւանական նկատած էր պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող թղթածրարին վաւերացումը:
Կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պիտի գումարէ երկրորդ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի շարունակէ քննարկել երէկուան նիստի օրակարգին վերջին երկու կէտերը, որոնք կը վերաբերին ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերահսկող յանձնախումբերուն կազմութեան մանրամասնութիւններուն:
Պատասխանելով Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն մասին լրագրողներուն հարցումին` Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ բանակը քաղաքական ծածկը ունի պէտք եղածը ընելու` աւելի չսրելու համար ապահովական իրավիճակը:

