Երեւանի Քաղաքապետի Պաշտօնին Համար Պիտի Պայքարի 7 Կուսակցութիւն

Երէկ աւարտեցաւ 5 մայիսին տեղի ունենալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցութեան` կուսակցութիւններուն կողմէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ցուցակներ ներկայացնելու վերջնաժամկէտը: Յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Հերմինէ Յարութիւնեան յայտնեց, որ ցուցակներ ներկայացուցած են 7 քաղաքական ուժեր` Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը, ՀՅԴ-ն, Հայ ազգային քոնկրեսը, Ժառանգութիւն եւ Առաքելութիւն կուսակցութիւնները:

Նշենք, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Բարգաւաճ Հայաստանինը` Ազգային ժողովի պատգամաւոր, նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, Օրինաց երկիրինը` նախարար Արմէն Երիցեան, ՀՅԴ-ինը` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Հայ ազգային քոնկրեսինը` Երեւանի նախկին քաղաքապետ Վահագն Խաչատրեան, Ժառանգութեանը` կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան, Առաքելութիւն կուսակցութեանը` Մեսրոպ Առաքելեան:

Պաշտօնական քարոզարշաւը պիտի սկսի 7 ապրիլին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES