ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները` Երեւանի Մէջ

21 մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ժաք Ֆորը, Իան Քելլին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Համանախագահները ներկայացուցին Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ իրենց հանդիպումները:

Զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան արցախեան հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած քայլերուն շուրջ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Իան Քելլի «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները որեւէ արդիւնքի չեն հասած:

Հանդիպումը տեւած է մօտ 15 վայրկեան:

Ռուսիոյ համանախագահը չցանկացաւ մեկնաբանել լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող այն տեսակէտը, որ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ պէտք է լուրջ նախաձեռնութեան սպասել Ազրպէյճանի մէջ այս հոկտեմբերին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն ետք միայն:

Համանախագահները երէկ հանդիպում ունեցան նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ եւ մեկնեցան Պաքու:

Share this Article
CATEGORIES