Վերահաստատելով Ղարաբաղի Պետութեան Հաստատումի Մերժողական Կեցուածքը. «Բոլորը Գիտեն, Թէ Այսօրուան Հայաստանը Նախկին Ազրպէյճանական Հողերուն Վրայ Հիմնուած Է» Կ՛ըսէ Ալիեւ
Քրտական ու իրանական ամանորի` Նեւրուզի տօնին առիթով Պաքուի մէջ ելոյթ ունենալով, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երեքշաբթի օր վերահաստատեց Արցախի հայկական անկախ պետութեան գծով իր մերժողական կեցուածքը:
«Բոլորը գիտեն, թէ այսօրուան Հայաստանը հիմնուած է ազրպէյճանական նախկին հողերու վրայ, եւ մենք թոյլ պիտի չտանք որ (հայկական) երկրորդ պետութիւն մը հաստատուի», ընդգծեց Ալիեւ:
Պոլսահայ «Ակօս» թերթին վերագրելով իր տեղեկութիւնները` հայրենի «Անկախ» (ankakh.com) կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ Ալիեւի, «ժամանակը մեր օգտին կ՛աշխատի եւ մենք պիտի լուծենք Ղարաբաղի գերխնդիրը»:
CATEGORIES Հայկական

