50 Տարի Առաջ (23 Մարտ 1963)

Հայաստան

Բանջարեղէններու Մատակարարումը

Հակառակ այն իրողութեան, որ վերջին տարիներուն աւելցած է բանջարեղէնի մշակութեան յատկացուած հողերու տարածութիւնը եւ, 1958-ի բաղդատմամբ, բանջարեղէններուն մթերքները աւելցած են 13,000 թոնով, այսուհանդերձ, «քաղաքներուն եւ արդիւնաբերական կեդրոններուն բնակչութեան յաւելումին կապակցութեամբ այդ մթերքներուն պահանջը անբաւարար է»:

Այս եզրակացութեան եկած են, վերջերս, Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն եւ նախարարներու խորհուրդը:

Արդարեւ, գէշ կազմակերպուած է բանջարեղէններու գնումը սովխոզներէն եւ կոլտնտեսութիւններէն, թարմ բանջարեղէններէն մեծ ուշացումներով կը հասնին խանութները, համապատասխան թիւով խանութներ չկան ու, վերջապէս, ինչպէս դիտել կու տան զոյգ պաշտօնական մարմինները, «յաճախ հաւաքուած բերքին զգալի մասը կը փճանայ»:

Լաւատես ծրագիրներ կազմած են 1965-66 տարեշրջաններուն համար: Այսպէս, ըստ ծրագրին, այս տարուան բանջարեղէնին արտադրութիւնը պէտք է հասնի 116,000 թոնի, 1964-ին` 130,000-ի, իսկ 1965-ին` 150,000 թոնի:

Արամ Խաչատրեան Գիտ. Ակադեմիայի Անդամ

Թասս գործակալութիւնը Երեւանէն 14 մարտ թուականով, կը հաղորդէ.

Աշխարհահռչակ երգահան եւ խմբավար Արամ Խաչատրեան Խ. Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ ընտրուեցաւ: Այս առաջարկը ներկայացուած էր Խորհրդային Միութեան ութ անուանի ակադեմիաներու կողմէ:

Նշենք նաեւ, որ ականաւոր հայ երգահանը վերջերս Մոսկուա վերադարձաւ Ճափոնի մէջ համերգային երկար շրջապտոյտ մը կատարելէ ետք: Այս առթիւ ճափոնական թերթերն ու արուեստի շրջանակները մեծ գովեստով դրուատեցին Արամ Խաչատրեանի երաժշտական յօրինումներն ու իր խմբավարական տաղանդը:

Դժգոհութիւն Կայ Շինարարական Գործին Մէջ

Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն դժգոհ է շինարարութեան ծաւալէն: Հակառակ որ «շինարարական կազմակերպութիւնները որոշ չափով բարելաւած են իրենց գործունէութիւնը» եւ «1962-ին դերակատարած է բնակարանային շինարարութեան ծրագիրը», այսուհանդերձ «թերակատարուած է հիմնական ֆոնտերու գործարկման ծրագիրը»: Առաջուան նման ետ կը մնան հանրային սպասարկութեան (խանութ, եւ այլն) սահմանուած շինութիւնները. «1965-ին չկատարուեցան մանկական նախադպրոցական հիմնարկութիւններու եւ հիւանդանոցներու շինութեան ծրագիրները»: Միւս կողմէ` «անորակ են շինութեան աշխատանքները, կոպիտ կերպով կը խախտուին արտադրութեան արհեստական պայմանները: Առանձնապէս ցած մակարդակի վրայ կը գտնուին երկաթակազմ կրաղիւսի, ատաղձագործութեան, առողջապահական յարդարանքներու արտադրութիւնները եւ որակը»: Վերջապէս, «Շինարարները անկազմակերպ ձեւով սկսան 1963-ի իրենց աշխատանքները»:

Համաշխարհային Նոր Մրցանիշներ

Լեւոն Բաբայեան թեթեւ ծանրութեան մէջ համաշխարհային նոր մրցանիշ մը հաստատեց` 144,5 քիլօ ծանրութիւն մը բարձրացնելով. նախկին մրցանիշը` 142,5 քիլօ կը պատկանէր ռումանացիի մը:

1100 Մեռեալ Եւ 5000 Վիրաւոր
Պալի
Կղզիին Մէջ
Ուր
Հրաբուխ Մը Սկսաւ Գործել

Գիւղացիները Կ՛աղօթեն Աստուածները Ողոքելու Համար

Պալի կղզիին մէջ գտնուող Կունուկ Ակունկ հրաբխային ժայթքումին պատճառով 1100 հոգի մեռած է, 5000 հոգի վիրաւորուած եւ 300,000 հոգի` անպատսպար մնացած: Հրաբուխը իր 2700 մեթր բարձրութենէն լաւա եւ մոխիր կը թափէ շարունակ:

Կղզիին մայրաքաղաքը եղող Թենփազարի ոստիկանապետը հրաբուխին վրայէն թռիչք կատարելէ ետք կրցաւ տեղեկանալ աղէտին տարողութեան:

Լերան արեւելեան լանջերուն վրայ գտնուող երեք գիւղերու 600  բնակիչները ներկայիս շրջապատուած են եռացող լաւայով: Պանկալուսան գիւղը, որ հրաբերանէն 5 քմ հեռու կը գտնուի, վտանգի տակ է: Մոխիրներու անձրեւ մը երէկ ամբողջ օրը տեղաց Լմըպոք Այլենտի օդակայանին վրայ` օդանաւերու էջքը վտանգաւոր դարձնելով: Պալիի արեւմտեան մասը եթէ պաշտպանուած է լեռներով, արեւելեան մասին մէջ հարիւրաւոր հեկտարներով բրինձի դաշտեր եւ մշակուած հողեր փճացած են:

300,000 անձեր արդէն իսկ հեռացած են հրաբուխին լանջերէն: Բայց դժուար է գնահատել տարագիրներուն բուն թիւը, որովհետեւ քանի մը հարիւր հոգի վերադարձան իրենց գիւղերը` աղօթելու համար: «Այս մարդիկը նախապաշարեալ են, ըսաւ՛ ոստիկանապետը, Կը կարծեն, թէ իրենց տեղը իրենց գիւղին մէջ է, ուր պէտք է աղօթեն` հրաբուխի աստուածներուն ողորմութիւնը խնդրելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES