Ալմա` Աշխարհի Ամէնէն Հզօր Հեռադէտը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մենք կը գտնուինք հարաւային Ամերիկա, Չիլիի անապատին մէջ: Աւելի քան 5000 մեթր բարձրութեան վրայ աստղագիտական անհաւատալի առարկայ մը քողազերծուեցաւ: Ան կը կոչուի Ալմա եւ աշխարհի ամէնէն հզօր հեռադէտն է:

Ալմա իւրայատուկ առարկայ մըն է մեր մոլորակին վրայ: Ան ունի 66 ալեհաւաքներ (անթէններ), այսինքն 66 մեծ հեռադէտներ դէպի երկինք դարձուած, անջրպետին մէջ ուսումնասիրութիւններ ընելու համար: Անոր գաղտնի՞քը: Շատ հզօր համակարգիչի մը շնորհիւ ան կարողութիւն ունի այս 66 հեռադէտներուն առած բոլոր չափերը միացնելու` կազմելու համար 16 քմ տրամագիծ ունեցող հսկայական հեռադէտ մը:

– Ինչո՞ւ անապատի մը մէջ

Չիլիի անապատը շատ գործնական վայր մըն է աստղագիտական ուսումնասիրութիններուն համար, որովհետեւ ան բնակչութիւններէ շատ հեռու է: Այս ձեւով այդ շրջաններու լուսաւորումը, որ լուսաւոր ապականում կրնայ յառաջացնել, չի խանգարեր հեռադէտի ուսումնասիրութիւններուն:

Միեւնոյն ատեն այդ անապատը շատ չոր է. հետեւաբար անձրեւը կամ ձիւնը չեն կրնար վնաս հասցնել շատ ճշգրիտ հաշիւներ կատարող այս սարքերուն: Վերջապէս, անապատը կը գտնուի 5000 մեթր բարձրութեան վրայ, հետեւաբար անոր հորիզոնին վրայ գոյութիւն չունին տեսարանը խանգարող լեռներ:

– Ինչի՞ պիտի ծառայէ այս հսկայական հեռադէտը

Հեռադէտին 66 ալեհաւաքները պիտի կարենան շատ դժուար չափեր առնել անջրպետին մէջ: Անոնք պիտի գտնեն շատ հեռաւոր աստղերու կողմէ արձակուած աներեւոյթ նշաններ: Ասիկա կը կոչուի ձայնասփիւռ ալիք (ռատիօ): Այս պատճառով այս հեռադէտը պարզ հեռադէտէ մը աւելի հզօր է. ան ռատիօ հեռադէտ մըն է: Այդ հեռաւոր աստղերուն արձակած նշանները աներեւոյթ են պարզ աչքին կամ աստղագիտական աւանդական գործիքներուն համար (ինչպէս պզտիկ հեռադէտ մը), որովհետեւ անոնք մխրճուած են զանոնց պատող կազի ամպերու մէջ:

Սակայն այս հզօր հեռադէտը պիտի բանի շատ սուր տեսողութիւն ունեցող աստղագիտական մեքենայի մը նման: Ան պիտի կարենայ ուսումնասիրել այս ալիքները, որոնք մեզի տեղեկութիւններ պիտի տան կարգ մը հեռաւոր աստղերու կամ աստղահոյլերու բաղադրութեան մասին:

– Ի՞նչ պիտի սորվինք այս ուսումնասիրութիւններուն շնորհիւ

Ալմայի շնորհիւ, մենք պիտի կարենանք ժամանակին մէջ ճամբորդութիւն մը կատարել մինչեւ անջրպետին սկիզբը: Ինչպէ՞ս: Աստղագիտութեան մէջ, երբ մենք շատ հեռաւոր աստղեր կ՛ուսումնասիրենք, կարծէք ժամանակին ընդմէջէն կը ճամբորդենք: Ասոր պատճառը շատ պարզ է. այս հեռաւոր աստղերուն արձակած լոյսը տարիներու ընթացքին կը ճամբորդէ` կտրելու համար տիեզերքը եւ հասնելու մինչեւ մեր մօտ, որովհետեւ ան կը ճամբորդէ լոյսի արագութեամբ (300 հազար քմ մէկ երկվայրկեանի մէջ):

Հետեւաբար, երբ մենք այս աստղերէն մէկուն կը նայինք, մենք զայն կը տեսնենք ինչպէս որ էր ան շատոնց: Ալմայի շնորհիւ մենք կը յուսանք շատ բաներ սորվիլ անջրպետին եւ անոր կազմաւորման մասին` միլիառաւոր տարիներ առաջուան պատկանող:

 

Խոհագիր

Քիշ Լորրէն

Ահա շատ դիւրին խոհագիր մը`  օգտագործելու համար ձեռային աշխատանքէն աւելցած հաւկիթի դեղնուցներն ու ճերմկուցները:

1.- Թարթի ափսէի մը վրայ քիչ մը կարագ քսէ եւ ալիւր սրսկէ: Ապա անոր մէջ դիր պատրաստ, արդէն բացուած փաթ պրիզէ խմոր մը:

2.- Խմորը պատառաքաղով մը ծակէ քանի մը տեղեր, որպէսզի ան չուռի: Զայն փուռին մէջ (թէրմոսթալ) եփէ 10 վայրկեան:

3.- Խորունկ ամանի մը մէջ զարկ 3 հաւկիթ եւ 30 սանթիլիթր քրէմ ֆրէշ:

4.- Կէս եփուած խմորին վրայ 100 կրամ խոզապուխտի պզտիկ կտորներ զետեղէ: Անոր վրայ հաւկիթներու խառնուրդը պարպէ, առանց զայն խմորէն դուրս թափելու:

5.- Ափսէն դարձեալ փուռին մէջ դիր եւ ձգէ, որ եփի 25 վայրկեան: Զայն դարձեալ փուռ դնելէ առաջ կրնաս նաեւ վրան մանրուած պանիր սրսկել:

 

Ձեռային Աշխատանք

Զատկուան Պատրաստութիւն

Արդէն գարուն է, եւ մենք կը պատրաստուինք: Զատիկը տօնելու: Ահա քանի մը պզտիկ ձեռային աշխատանք` գարունն ու իր գեղեցիկ գոյները տուն բերելու համար:

Ա) Գարնանային Ծառ

Այս պարզ ձեռայինին համար պէտք ունիս պարզապէս գունաւոր թաղարի մը, քանի մը պարզ ճիւղերու, քիչ մը ջրաներկի եւ գունաւոր խաւաքարտներու:

1.- Ճիւղերը ջրաներկով ներկէ. կրնաս զանոնք պարզապէս կանաչ ներկել կամ նոյնիսկ գոյնզգոյն: Ձգէ, որ չորնան, ապա զանոնք տնկէ թաղարին մէջ:

2.- Գունաւոր խաւաքարտի քառանկիւն կտորներ երկուքի ծալէ՛ եւ գոց բաժինին վրայ գծէ թիթեռնիկի մը մարմնին կէսը: Զայն կտրէ եւ երբ թուղթը բանաս, պիտի ստանաս լման թիթեռնիկ մը: Կրնաս թիթեռնիկիդ թեւերը զարդարել մելանի գունաւոր մատիտներով:

3.- Թիթեռնիկները փակցուր ճիւղերուն վրայ: Կրնաս նաեւ փակցնել կանաչ խաւաքարտի կտորներով պատրաստած տերեւներ կամ գունաւոր ժապաւէններ:

 

Բ) Գլորուող Հաւկիթներ

Այս աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս հում հաւկիթներու, գնդիկներու, խաղալու կաւի եւ մետաքսեայ բարակ թուղթի (կրնաս նաեւ գործածել գունաւոր թուղթէ թաշկինակ):

1.- Հաւկիթին մէջտեղի բաժինը զարկ գաւաթի մը ծայրը զայն ճեղքելու համար: Մատերովդ զգուշութեամբ հաւկիթին կեղեւը բաց գաւաթին վրայ, որպէսզի դեղնուցն ու ճերմկուցը իյնան գաւաթին մէջ: Այս աշխատանքին համար դուն անոնց պէտք պիտի չունենաս. կրնաս զանոնք գործածել ձուաձեղ մը կամ կարկանդակ մը պատրաստելու:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3.- Հաւկիթները դարձեալ գծելու համար քանի մը մետաքսեայ թուղթէ կամ թուղթէ թաշկինակի կտորներ կտրէ եւ անոնց վրայ ճերմակ խէժ դիր:

2.- Նոյն ձեւով կտրէ քանի մը ուրիշ հաւկիթներ: Զանոնք զգուշութեամբ լուայ եւ ձգէ, որ չորնան: Քանի մը հաւկիթներու վարի բաժինին մէջ գնդիկ մը, իսկ միւսներուն վարի բաժիններուն մէջ պզտիկ կաւի (փաթ ա մօտըլէ) կտոր մը փակցուր` ճերմակ խէժով: Ձգէ, որ չորնան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

5.- Մետաքսեայ թուղթէն կամ թուղթի թաշկինակէն պզտիկ կտորներ պատռտէ: Հաւկիթին վրայ ճերմակ խէժ դիր եւ թուղթի պզտիկ կտորները հաւկիթին վրայ փակցուր` զայն ամբողջովին պատելով:

4.- Իւրաքանչիւր հաւկիթի երկու բաժինները իրարու վրայ դիր, եւ մէջտեղի ճեղքին վրայ փակցուր խէժով պզտիկ թուղթի կտորները:

 

 

 

 

 

 

 

7.- Հաւկիթները ներկէ եւ զարդարէ: Ապա զանոնք սեղանին վրայ դիր եւ փորձէ մատովդ զանոնք հրել: Ի՞նչ պիտի նշմարես:

6.- Հաւկիթները ծածկէ տարբեր գոյնի թուղթերով եւ զանոնք կերպընկալէ տոպրաըի մը վրայ դիր, որ չորնան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր պատկերին եւ վերի անկիւնի պատկերին միջեւ գոյութիւն ունեցող 2 տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կովուկները:

Կրնա՞ս օգնել այս շնիկին գտնելու համար իր ճաշին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES