Էն. Պի. Էյ. Հիթ Արձանագրեց Իր 24-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան 11 ճակատումներ:

Շարունակելով իր յաղթանակներու շարքը` Մայեմի Հիթ արձանագրեց իր 24-րդ յաջորդական յաղթանակը` 98-95 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քլիվլենտ Քաւալիրզը: Անիկա 1 փետրուարէն ի վեր, այսինքն` 47 օր պարտութիւն չէ կրած:

Հակառակ անոր որ Հիթ 27 կէտով ուշացած էր, սակայն արդիւնքը շրջելով տարաւ վերջնական յաղթանակը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 25 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ:

Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ տեղի ունեցած մրցումին Նիւ Եորք Նիքս 106-94 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքի: Քարմելօ Անթոնի վերադառնալով (նախապէս վիրաւոր) նշանակեց 21 կէտ` ի նպաստ Նիքսի:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Շարլոթ Հոռնեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 107-101
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Մայեմի Հիթ 95-98
Նիւ Եորք Նիքս – Օրլանտօ Մեճիք 106-94
Աթլանթա Հոքս – Միլուոքի Պաքս 98-90
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Օքլահոմա Սիթի 90-89
Նիւ Օրլինզ – Պոսթըն Սելթիքս 87-86
Հիուսթըն Ռոքեթց – Եութա Ճեզ 100-93
Տալաս Մավըրիքս – Պրուքլին Նեթց 96-113
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 104-93
Ֆէոնիքս Սանզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 79-88
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 101-72

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Շիքակօ Պուլզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Տենվըր Նակեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մինեսոթա Վուլվզ

 

 

Share this Article
CATEGORIES