Վիգէն Զաքարեանի Ծննդեան 44-րդ Տարեդարձին Ի Յիշատակ. Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի Ուսուցիչներ Կ՛ոգեկոչեն Արցախեան Յաղթական Պայքարին 25-ամեակը
Իւրայատուկ եւ դաստիարակիչ նախաձեռնութեամբ մը, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը արցախեան պայքարի 25-ամեակին նուիրուած իր ձեռնարկը կազմակերպեց 15 մարտ 2013-ին, նահատակ Վիգէն Զաքարեանի ծննդեան 44-րդ տարեդարձին օրը, ներկայութեամբ նահատակին ընտանեկան պարագաներուն եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեանի:
Ձեռնարկին իւրայատկութիւնը կազմեց այն իրողութիւնը, որ ընկալեալ սովորութեան համաձայն, փոխանակ աշակերտներ հանդէս գալու գեղարուեստական յայտագրով, այդ օր քոլեճին ուսուցիչները աշակերտութեան դիմաց հանդէս եկան արցախեան պայքարին հայ ուսուցիչին յանձնառութիւնը արտայայտող գեղարուեստական ելոյթներով, ինչ որ տպաւորիչ նորութիւն էր աշակերտութեան համար:
Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւներու քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացումը կատարեց քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, որ արցախեան յաղթական պայքարը արտակարգ երեւոյթ էր մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, որովհետեւ ան կը դարբնէր տիպարը նոր հայու, որ գիտէր յաղթել եւ իր իրաւունքներուն, հողին ու հայրենիքին վերատիրանալ: Նման արտակարգ երեւոյթի մը ոգեկոչումը, շարունակեց ան, կ՛ենթադրէր արտակարգ ձեռնարկ մը` թէ՛ իր հիւրերով եւ թէ՛ մասնակիցներով: Առ այդ, նպատակայարմար նկատուեցաւ ձեռնարկին հրաւիրել արցախեան պայքարի նահատակ Վիգէն Զաքարեանի ընտանիքը, հայ մօր տարուան առիթով պատուելու համար նահատակին մայրը` իր հերոս զաւկին ծննդեան 44-րդ տարեդարձին օրը: Իբրեւ օրուան բանախօս` հրաւիրուեցաւ քոլեճի նախկին աշակերտ, ուսուցիչ, այժմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը, որ սոֆիայակոբեանականի իր կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը Ղարաբաղի ի նպաստ դրած է անսակարկ կերպով:
Օրուան յայտագրին անդրադառնալով` տնօրէն Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ հայ ուսուցիչը միայն դաս եւ գիտութիւն փոխանցող չէ, այլ ան դաստիարակ է, ազգային ջիղ, ոգի եւ կրթութիւն ջամբող մարդ է: Ուսուցիչը իր անձին օրինակով կը ներշնչէ իր աշակերտները: Վիգէն Զաքարեան մարզանքի ուսուցիչ էր, գերագոյն զոհաբերութեան արժանանալով` ան իր անձին օրինակով մեծագոյն դասը տուաւ իր աշակերտներուն: Հետեւաբար, ընդգծեց տնօրէն Աւագեան, քոլեճին ուսուցիչները իրենց կոչումին գիտակից` իրենք կը ներկայացնեն ձեռնարկին յայտագիրը` խօսուն ապացոյցը տալով քոլեճի աշակերտութեան իրենց ջամբած հայաշունչ դաստիարակութեան:
Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի բացման խօսքէն ետք հանդէս եկան քոլեճի երգի ուսուցչուհի Գայեանէ Մարկոսեան երգով` «Ղարաբաղ իմ չքնաղ», հայերէնի դասատու Մատլէն Վարդանեան ասմունքով` «Եռագոյնը Շուշուայ բերդին վրայ»: Քիմիագիտութեան ուսուցիչ Վիգէն Տիշչէքէնեան ակամայ բացակայ ըլլալով` ձեռնարկին ներկայացաւ յեղափոխական երգերու իր մէկ տեսերիզով: Քոլեճին պարի ուսուցչուհի Նանօր Քէլէշեան ներկայացուց նազպար մը, իսկ ընդհանուր հսկիչ Ռոպէր Քիւրտեան կատարեց Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նոր երգ մը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան: Ան ըսաւ, որ իր ուսանողութեան տարիներուն Ղարաբաղը անծանօթ անուն մըն էր շատերուն, այսօր սակայն ան ազատագրուած, անկախ երկիր է` 12 հազար քառ. քմ-ով: Հայութիւնը անցնող 25 տարիներուն նուաճեց երկու յաղթանակ. Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութեան կերտումը: Մեր յաղթանակը, սակայն, ամբողջական չի կրնար ըլլալ առանց երրորդ յաղթանակին` Արեւմտահայաստանի ազատագրումին, շեշտեց Քեպապճեան:
Շարունակելով` Քեպապճեան հաստատեց, որ կարեւորը ճակատամարտ մը շահիլը չէ, այլ պատերազմը յաղթելն է: Մեր պատերազմը երկար է, եւ մենք պէտք ունինք իւրաքանչիւր աշակերտի ջանքին ու աշխատանքին: Այսօր, ըսաւ Քեպապճեան, կարեւորը միլիոնները չեն, այլ մարդն է, մակարդակն է, որակն է, պէտք է որակ ունենալ, լաւ աշխատիլ, լաւ սորվիլ, լաւ կրթութիւն ստանալ, մտքով, մարմնով ու հոգիով պատրաստուելու համար հայութեան գալիք ճակատամարտերուն:
Յաղթանակը միայն նիւթական ձեւ չունի, յայտնեց Քեպապճեան, յաղթանակը կրնայ ըլլալ նաեւ հաւատքով ու տեսիլքով, այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել 150 հազար ղարաբաղցիներու յաղթանակը 7 միլիոն ազերիներու դէմ: Նորահաս սերունդը կոչուած է իր կեանքին մէջ անպայման յաջողելու եւ իր յաջողութենէն Ղարաբաղին բաժին հանելու, հայութեան եւ հայրենիքին յաջողութեան նպաստելու: Անձնասէրներ տեղ չունին մեր մէջ: Ո՛վ որ իր ունեցածէն ազգին ու հայրենիքին կու տայ, կ՛անմահանայ: Այսպէս անմահացաւ Վիգէն Զաքարեան, երբ իր կեանքը զոհեց իր ժողովուրդի յարատեւութեան համար: Վիգէնը անմահացաւ, ժողովուրդը յաւերժացաւ: Իսկ Վիգէնը եւ նմանները կը կերտուին դաստիարակութեամբ ու զոհողութեամբ: Առանց դաստիարակութեան` ո՛չ յաղթանակ կրնայ ըլլալ, ո՛չ ալ հայրենիք:
Պատգամին աւարտին, Կարօ Քեպապճեան քոլեճի տնօրէնութեան նուիրեց անկախ Արցախի դրօշը: Իր կարգին, տնօրէնութիւնը պատգամախօսը պատուեց յուշանուէրով մը: Այլ յուշանուէր մըն ալ փոխանցուեցաւ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի մօր` ի յիշատակ նահատակին ծննդեան 44-րդ տարեդարձին:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ քոլեճին քայլերգով եւ ազգային բարձր տրամադրութեամբ:

