Դպրեվանեցիներ Թմրեցուցիչներու Դէմ Պայքարի Սեմինարի Կը Մասնակցին

Ընդառաջելով «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման հաստատութեան հրաւէրին, շաբաթ, 16 մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, դպրեվանքի սաներէն Համլիկ Զաքարեան եւ Գրիգոր Ֆեներճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն հաստատութեան Պուրճ Համուտի ԼՕԽ-ի կեդրոնին մէջ կազմակերպած միօրեայ սեմինարին:

Սեմինարին ընթացքին ներկայացուած դասախօսութիւններուն ճամբով զանազան դպրոցներէ եկող երիտասարդ տարիքի աշակերտ-աշակերտուհիներ աւելի մօտէն ծանօթացան թմրեցուցիչներու պատճառած աղէտներուն, անոնց ազդեցութիւններուն ու հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ` այդ բոլորին առաջքը առնելու միջոցներուն:

Սեմինարը իր աւարտին հասաւ անձնական կարծիքներու փոխանակութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES