Դպրեվանեցիներ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 8 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին դպրեվանեցիներ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:

Ժամերգութեան աւարտին օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Անդրանիկ Ա. սրկ. Տալգլըճեան` բնաբան ունենալով «Հօրը իմաստութիւնը` Յիսուս, իմաստութիւն տուր ինծի, որ բարի բաներ խորհիմ, խօսիմ եւ գործեմ քու առջեւդ` ամէն ժամ. չար խորհուրդներէ, խօսքերէ եւ գործերէ փրկէ՛ զիս եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի` բազմամեղիս»:

Share this Article
CATEGORIES