Մովսիսեան. «Կը Ցանկամ Հայաստան – Չեխիա Մրցումին Կոլ Նշանակել»
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի համար, կարեւոր է դարձեալ կոլի հեղինակ դառնալ ազգային խումբին հետ, կը յայտնէ «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը:
«Յառաջիկայ 26 մարտին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի ճակատինք Չեխիոյ դէմ: Կը կարծեմ, որ ամբողջ աշխարհը գիտէ Հայաստանի հաւաքականին մասին: Ամէն գնով պիտի փորձեմ եւ կը ցանկամ հաւաքականին հետ կոլ նշանակել այս մրցումին», ըսաւ Մովսիսեան:
Մովսիսեան ըսաւ, որ կը մտադրէ յառաջիկային ֆութպոլի դպրոցներ բանալ Հայաստանի մէջ, որպէսզի միջազգային գետնի վրայ հայկական ֆութպոլը յառաջխաղացք արձանագրէ:
CATEGORIES Մարզական

