Ֆութսալ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանեան Բանակը Տիրացաւ Տիտղոսին
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, աւարտեցաւ Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքը, երբ աւարտականին իրարու դէմ ճակատեցան Ա. դասակարգի ախոյեան Սատաքան եւ Բ. դասակարգի ախոյեան Լիբանանեան բանակը:
Մրցումը աւարտեցաւ փենալթիներով` նկատի ունենալով, որ անիկա երկարաձգումէն ետք եւս աւարտեցաւ հաւասարութեամբ` 4-4 արդիւնքով:
Էմիլ Լահուտի անուան համալիրին մէջ տեղի ունեցած աւարտական այս մրցումին, Սատաքա չկրցաւ տուպլէ մը իրագործել, երբ փենալթիներով` 9-8 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Աւարտին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ Լիբանանի ֆութսալի յանձնախումբի նախագահ Սըմաան Տուէյհի տիտղոսը յանձնեց յաղթական խումբին:
CATEGORIES Մարզական

