ԹՄՐԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Հաստատագիր ստացած մասնակիցները` դասախօս բժիշկին եւ կեդրոնի պատասխանատուներուն հետ

Կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական կեդրոնին, շաբաթ, 14 մայիս 2011-ի առաւօտեան ժամը 9:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 2:30, աշակերտներու յատուկ աշխատանքային սեմինար մը տեղի ունեցաւ «Հորիզոն» կեդրոնի ժողովասրահին մէջ:

Աշակերտներուն հասցէագրուած այս սեմինարին նպատակն էր մասնակցող աշակերտներուն փոխանցել անհրաժեշտ գիտելիքներ, որպէսզի անոնք իրենց կարգին իրենց դպրոցներուն մէջ այս նիւթով աշխատանքներ կատարեն, եւ աշակերտութիւնը իրազեկ դառնայ թմրամոլութեան վտանգներէն:

Սեմինարին մասնակցեցան 9 հայկական վարժարաններու 10-րդ դասարանի աշակերտներ. մասնակցող դպրոցներն էին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Դարուհի-Յովակիմեան վարժարան:

Բացման խօսքը արտասանեց Հուրի Ճինպաշեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթացուց «Հորիզոն» կեդրոնը, անոր տարած աշխատանքները, գործելաոճը, հետապնդած նպատակները:

Ապա Դալար Մահրեճեանի կողմէ ներկայացուեցան թմրամոլութեան երեւոյթն ու անոր հետեւանքները, տեղի ունեցաւ քննարկում: Տոքթ. Ալին Խրլոբեան

աշակերտներուն ծանօթացուց թմրեցուցիչի գլխաւոր խումբերը, իւրաքանչիւրին ժխտական ազդեցութիւնը մարդկային մարմնին վրայ եւ անոնցմէ յառաջացող վնասները:

Կարճ դադարէ ետք աշակերտները շարունակեցին իրենց աշխատանքները` խմբակային դրութեամբ, իբրեւ առաջնորդ ունենալով Մանուկ Իպիթեանը: Անոնք իբրեւ առաջնորդող նիւթ նկատի ունէին այն պարագան, թէ ի՛նչ ձեւով կարելի է նախազգուշական աշխատանքներ ծրագրել եւ գործադրել վարժարաններուն մէջ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց, փոխանցուած տեղեկութիւններու եւ տարուած աշխատանքի ընդհանուր արժեւորում: Ներկաները յանգեցան այն եզրակացութեան, որ թմրամոլութիւնը մարդը քայքայող վտանգ է, որմէ կարելի է խուսափիլ տարբեր ձեւերով ու միջոցներով, սակայն կարեւորը կամք եւ վճռակամութիւն ունենալն ու հոսանքին հետ չտարուիլն է:

Սեմինարի աւարտին մասնակից աշակերտներուն յանձնուեցան հաստատագիրներ:

Նոր սերունդները, յատկապէս հայ աշակերտները թմրամոլութենէն հեռու պահելու եւ անոր ճիրաններուն մէջ իյնալէ փրկելու նպատակով կազմակերպուած այս սեմինարին յաջորդող աշխատանքները պիտի ծաւալին դպրոցներուն մէջ` մասնակից աշակերտներուն կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES