ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի կազմակերպած Վկայեալ կարգի Ա. հանգրուանը վերջ գտաւ 6 ապրիլ 2011-ին:
Երկրորդ հանգրուանն էր երկօրեայ դաստիարակչական սեմինարը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 մայիսէն կիրակի, 15 մայիս, ՀՄԸՄ-ի Զահլէի ակումբին մէջ:
Վկայեալ կարգի սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի, Անթիլիասի, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի եւ Այնճարի մասնաճիւղերէն 21 քոյրեր եւ եղբայրներ:
Սեմինարը սկսաւ շաբաթ, 14 մայիսի յետմիջօրէին, «Ով հայ արի» քայլերգով:
Բացման խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ որոշուած յայտագիրը, վկայեալ կարգի թեկնածու քոյրերն ու եղբայրները հերթաբար ներկայացուցին իրենց պատրաստած նիւթերը:
Պէյրութի մասնաճիւղէն Զաւէն Տէր Պետրոսեան ներկայացուց «Գիտնալ եւ մեկնաբանել ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան նպատակը» նիւթը:
Ռազմիկ Տօնիկեան Պէյրութի մասնաճիւղէն ներկայացուց Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրը:
Խմբակի, խումբի եւ միաւորի դրութեան կարեւորութիւնը եւ գործելակերպը ներկայացուց Անթիլիասի մասնաճիւղէն Գէորգ Նոխուտեան:
Կարճ դադարէ ու նախընթրիքէ մը ետք, Պէյրութի մասնաճիւղէն Էլիզ Թելֆէեան ներկայացուց «Բնութեան մէջ գործունէութիւնները» նիւթը:
Անթիլիասի մասնաճիւղէն Մենար Պոյաճեան ներկայացուց «Խոստումն ու դաւանանքը» նիւթը:
Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն Մարկրիթ Պուտագեան ներկայացուց «Սկաուտական կարգերն ու մասնագիտական պեճերը» նիւթը:
Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն Լիւսի Գոճայեան ներկայացուց «Խմբապետը իբրեւ ղեկավար» նիւթը:
Երեկոյեան ժամը 8:15-ին տեղի ունեցաւ ընթրիքը, որմէ ետք սեմինարի մասնակիցները շարունակեցին ներկայացնել իրենց պատրաստած նիւթերը:
«ՄԱԿ եւ իր յարակից կազմակերպութիւնները (Հայաստանի դիրքը)» նիւթը ներկայացուց Լիզա Տէօրտիւլեան:
Ապա Անթիլիասի մասնաճիւղէն Թամար Ճիւլֆայեան ներկայացուց «Թրքական քաղաքականութիւնը (Հայկական հարց) 1878-1894» նիւթը:
Շրջանային խմբապետ Ժան Քեչեճեան մասնակցողներուն ներկայացուց «Համաշխարհային սկաուտութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան պատմութիւնը, նպատակը եւ կառոյցը» նիւթը:
Կիրակի, 15 մայիս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ զարթնումը եւ նախաճաշէն ետք շարունակուեցան նիւթերու ներկայացումները:
Անթիլիասի մասնաճիւղէն Փաթիլ Եսայեան ներկայացուց «Թրքահայաստանի կացութիւնը (Հայկական հարց) 1874-1894» նիւթը:
Ժտէյտէ մասնաճիւղէն Կորիւն Յովհաննէսեան ներկայացուց «Մեծ տէրութեանց քաղաքականութիւնը (Հայկական հարց)» նիւթը:
Ֆետերասիոնի խմբապետներէն Մխայէլ Խէյրալլա ներկաներուն փոխանցեց մարզում ժամանակակից կազմակերպչական արդի ձեւերը` բոլոր տարիքներուն յարմար:
Դադարէ ու հանգիստէ մը ետք, Անթիլիասի մասնաճիւղէն Շաղիկ Ճինպաշեան ներկայացուց «Քաղաքացիական դաստիարակութիւնը. կրկնակի պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն» նիւթը:
Ժտէյտէ մասնաճիւղէն Նանօր Ադամեան ներկայացուց դաստիարակչական աշխատանքի մը թղթածրար ու տեղեկագիր պատրաստելու ձեւը:
Յայտագիր պատրաստելու եղանակը (մոկլի- գայլիկ- արծուիկ) ներկայացուց Սագօ Գրիգորեան` Ժտէյտէ մասնաճիւղէն:
Ժորժ Մալճեան Ժտէյտէ մասնաճիւղէն ներկայացուց յայտագիր պատրաստելու եղանակը (արի- արենուշ- երէց- պարմանուհի):
Քարոզչական աշխատանքի ձեւերը ներկայացուց Վարուժ Զաքարեան` Ժտէյտէ մասնաճիւղէն:
Խմբապետի պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները եւ աստիճանաւորական ժողովի կարեւորութիւնը ներկայացուց Թամար Քէշիշեան:
Իւրաքանչիւր մասնակցող ունէր յատուկ նշադրումի տախտակ, ուր իւրաքանչիւր անհատ` նկատի ունենալով ներկայացնող քրոջ կամ եղբօր պատրաստութեան ու ներկայացման ձեւը, դրաւ համապատասխան նիշեր, որոնք հետագային նկատի պիտի առնուին կազմակերպիչ մարմնին կողմէ:
Սեմինարին աւարտին մասնակցողներուն փոխանցուեցան արժեւորման թղթիկներ, ուր իւրաքանչիւր մասնակցող փոխանցեց իր անձնական տպաւորութիւնները սեմինարին մասին:
Ներկաներուն սեմինարին մասնակցութեան հաստատագիրները յանձնելէ ետք «Յառաջ նահատակ» քայլերգով վերջ գտաւ սեմինարը կիրակի, 15 մայիս 2011-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին:

