ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՐԻԶ. ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 19-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Զաքար Քէշիշեան կը բանախօսէ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շուշի» կորիզին, շաբաթ, 14 մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրման 19-ամեակի նշում:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Սուրէն Եզեկելեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ զանոնք հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախեան գոյամարտին զոհուած նահատակներուն յիշատակը: Ան նկատել տուաւ, որ 19 տարիներ անցած են Շուշիի ազատագրումէն. այդ ժամանակաշրջանին բազմաթիւ իրադարձութիւններ պատահած են, սակայն այս յաղթանակը միշտ դրոշմուած մնացած է իւրաքանչիւր հայ անհատի սրտին մէջ: Հայ մարտիկները այս յաղթանակով անգամ մը եւս հաստատեցին հայոց խիզախութիւնը ճգնաժամային կացութիւններու ընթացքին:

Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով` Անի Պոխչալեան շուիի վրայ նուագեց «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» եւ «Ձայն տուր ով ֆետա» կտորները, Սագօ Եագուպեան արտասանեց «Զուարթ երգ» եւ «Մի՛ խառնէք մեզ» քերթուածները, Գէորգ Մանուկեան տուտուկի վրայ մեկնաբանեց «Խրիմեան հայրիկի երգ»ը, «Վէրքերով լի»ն: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Շուշիի ազատագրման նուիրուած տեսաերիզ մը:

Օրուան բանախօսն էր Զաքար Քէշիշեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Շուշիի պատմութիւնը` բացատրելով, որ Շուշին նախապէս ինչպէ՛ս էր եւ այժմ ի՛նչ պայմաններու մէջ է: Ան հաստատեց, որ Շուշին հայութեան համար եղած է ազնուականութեան, ինչպէս նաեւ հայոց մշակութային գլխաւոր քաղաքը, ուր գործած են բազմաթիւ մշակութային գործիչներ, խումբեր: Քէշիշեան նկատել տուաւ, որ Շուշի քաղաքը ունեցած է իւրայատուկ ճարտարապետութիւն մը` ճարտարապետական գեղեցիկ յատակագիծ եւ դիմագիծ, աւելցնելով միաժամանակ, որ Շուշին եղած է կրօնական կեդրոն` ունենալով 7 նշանաւոր եկեղեցիներ: Ան նաեւ նշեց, որ Շուշին առաջին անգամ աւերուած է 1920-ին` ազրպէյճանցիներուն կողմէ, որոնք աւերած են 7000 բնակարաններ եւ կոտորած են մօտ 20 հազար հայեր:

Զ. Քէշիշեան կեդրոնանալով Շուշիի ներկայ կացութեան վրայ, թէ ինքնիրմէ ի՛նչ կը ներկայացնէ Շուշին այսօր, ո՛վ կ՛ապրի հոն եւ ի՛նչ վիճակ կը պարզէ, բացատրեց, թէ Շուշիի ազատագրումէն ետք 15 տարի ժողովուրդը ապրեցաւ բաւական մեծ դժուարութիւններով լեցուն կեանք մը եւ ոչինչ նորոգուեցաւ քաղաքին մէջ, բացի Ղազանչեցոց եկեղեցին: Ան հաստատեց, որ այդ դժուարութիւններուն մէջ անոնք ստեղծեցին մամուլ` աւելցնելով, որ ներկայիս քաղաքին մէջ կը գործէ 2 հանրակրթական եւ մէկ երաժշտական թեքումով հանրակրթական դպրոց, որոնց մէջ շուրջ 700 աշակերտներ կան: Քէշիշեան յայտնեց, որ Շուշիի մէջ ներկայիս կը բնակին 2500-3000 բնակիչներ: Հոն ստեղծուեցան թատրոններ, պարախումբ, որոնք այժմ կը գործեն: Ան նշեց միաժամանակ, որ Շուշիի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ «Նարեկացի» մշակութային կեդրոնը, որ իր ներդրումը ունի յատկապէս նոր սերունդի մշակութային դաստիարակութեան եւ կազմաւորումին մէջ: Շուշի նշանաւոր է իր թանգարանով: Ունի նաեւ գրադարան մը, որ գիրքերու բաւական մեծաթիւ հաւաքածոյ մը ունի: Ներկայիս կը վերանորոգուին ճամբաները, ջուրի եւ կազի հարցը լուծուեցաւ:

Զ. Քէշիշեան հաստատեց, որ աշխատանքային մեծ կարելիութիւններ չկան Շուշիի մէջ եւ բնակիչները ընդհանրապէս ուսուցիչ են, հոն կը գործէ դրամատուն մը, որ ունի իր պաշտօնէութիւնը, քաղաքապետարանը, ուր 50-60 պաշտօնեայ կ՛աշխատի, եկեղեցին եւ առաջնորդարանը` 25 պաշտօնեաներով ելեկտրական եւ կազի մատակարարման կառոյցներուն մէջ աշխատող պաշտօնեաներ կան, սպաներ, մանր առեւտուրով ապրող մարդիկ եւ այլն:

«Շուշի. քաղաք մը, որ մեր հնագոյն մշակութային կեդրոնն է եւ ողբերգութիւններու քաղաք է… տեսնենք ի՞նչ պիտի ըլլայ մօտիկ ապագային… քաղաքը իբրեւ կառոյց ազատագրելը կարեւոր երեւոյթ է, սակայն ամէն զոհողութիւն պէտք է մատուցուի, որպէսզի բնակիչները արժանապատիւ կեանքի կարելիութիւն ունենան», եզրափակեց Զ. Քէշիշեան:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

 

Share this Article
CATEGORIES