ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՈՒՈՐԼՏ ՎԻԺԸՆ»Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Շաբաթ, 14 մայիս 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Ուորլտ Վիժըն»ի միջազգային կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Լոս Անճելըսի կեդրոնատեղիէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ նոր նշանակուած տնօրէնը:

Այցելութեան նպատակն էր նախ տեղեակ պահել վեհափառը ընդհանրապէս «Ուորլտ Վիժըն»ի գործունէութեան եւ նոր ծրագիրներու ու յատկապէս Միջին Արեւելքին առնչուած կարգ մը նախաձեռնութիւններու գծով: Վեհափառը գնահատեց մարդասիրական այս կազմակերպութեան օգտաշատ աշխատանքը` Միջին Արեւելքի մէջ: Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ տեղական եկեղեցիներուն հետ անհրաժեշտ է գործակցիլ, մօտէն իմանալ անոնց կարիքները եւ օգտակար հանդիսանալ անոնց ծրագիրներու իրագործման, մասնաւորաբար դաստիարակչական ու մարդասիրական մարզերուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES