ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՏՈՒԿ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ԿՆՈՋԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ
1997-ին Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կրօնական դաստիարակութեան, միջկրօնական երկխօսութեան ու կնոջական ծրագիրին նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ եւրոպական կարգ մը համալսարաններու քաջալերանքով հաստատուեցաւ Եւրոպայի յատուկ իսլամ-քրիստոնեայ կիներու երկխօսութեան դասընթացք մը:
Դասընթացքը կը ղեկավարեն դոկտ. Ռայնհիլտ Թրէյթլըր եւ Թենի Փիրրի-Սիմոնեան` իրենց կողքին ունենալով այլ օգնականներ: Դասընթացքին կը մասնակցին շուրջ երեսուն կիներ` հաւասարապէս իսլամ եւ քրիստոնեայ, Եւրոպայի այն երկիրներէն, ուր միջկրօնական գոյակցութիւն գոյութիւն ունի: Յիշեալ դասընթացքին նպատակն է` անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցել քրիստոնէութեան ու իսլամութեան մասին, մասնակիցներու գործնական փորձառութիւններէն եկող մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները իրարու հետ փոխանակել, ինչպէս նաեւ միասնաբար որոնել քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդող ազդու միջոցներ:
Դասընթացքին երրորդ հանգրուանին բացումը տեղի ունեցաւ 30 ապրիլէն 7 մայիսին` Ցիւրիխի մէջ, Զուիցերիա: Յառաջիկայ տարուան ընթացքին յաջորդաբար դասընթացքներ տեղի պիտի ունենան Աւստրիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Պոսնիա-Հերձեկովինայի մէջ: Յայտնենք, որ առաջին դասընթացքին Նանար Խտըշեան, երկրորդին Սարին Գարաճրճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, իսկ երրորդին կը մասնակցի Իրմա Պալեան, երեքն ալ` Լիբանանէն: