ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ԱՆԿԱՐԳԵԼԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԳՈՒՄԱՐՏԱԿԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ գործակցաբար Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան, երէկ` կիրակի, 15 մայիս 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակի անկարգելաւորներու գումարտակի զինուորական ցուցադրութիւն` ներկայութեամբ բարձրաստիճան զինուորականներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովրդային մեծաթիւ բազմութեան:

Լիբանանեան բանակին կողմէ դրօշակի արարողութեամբ սկսաւ յայտագիրը: Օրուան առաջին պատգամը Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան անունով արտասանեց Նեժիպ Մանսուր, որ նշեց, թէ Պուրճ Համուտը դիմադրութեան բերդ է, ուր մարդիկ մեղուափեթակի նման մնայուն կերպով աշխատանքի մէջ են:

Գնահատելով լիբանանեան ընկերութեան մէջ հայութեան ներդրումը` Մանսուր ըսաւ, որ հայութեան համար Լիբանանի պետականութիւնը կարմիր գիծ է: Նեժիպ Մանսուր աւելցուց, որ հայերը մեծապէս նպաստած են Լիբանանի զարգացման ու բարգաւաճման աշխատանքին:

Այս առիթով նաեւ խօսք առաւ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան, որ ըսաւ, որ այս հաւաքը կը միտի յարգանք մատուցել Լիբանանի նահատակներուն: Այանեան նշեց, որ նահատակները իրենց արիւնը թափեցին` պաշտպանելու համար լիբանանցիներու պատիւն ու արժանապատուութիւնը:

Այանեան շեշտեց, որ հաւաքական կամքն ու միակամութիւնը Լիբանանի վերելքին կարեւորագոյն գրաւականն է: Փոլ Այանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Զոյգ խօսքերէն ետք, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Ապա տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակի անկարգելաւորներու գումարտակի զինուորական ցուցադրութիւնը, որուն ընթացքին գումարտակը ցուցադրեց իր զինուորական ունակութիւններն ու մարտական կարողութիւնները: Այս ցուցադրութիւնը արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին:

Նշենք, որ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանեան բանակի նուագախումբը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը եւ ՀայՊար պարախումբը:

Share this Article
CATEGORIES